Church News

ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻՆ ՈՂՋԵՐԹԻ ԽՕՍՔԸ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան անդամներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Ն.Ս. … Read more

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՔԱՐՏԻՆԱԼ ԿԻՒՃԵՐՈԹԻԻ «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 19 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Արեւելեան Կաթոլիկ Եկեղեցիներու ընդհանուր պատասխանատու Քարտինալ Քլաուտիօ Կիւճերոթիի հետ։ Նշենք, որ Քարտինալ … Read more

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԿԱԹՈԼԻԿ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿԵԴՐՈՆԸ

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան վերջին օրը, Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի հրաւէրին, իր պատուիրակութեամբ … Read more

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Վատիկան կատարած իր քառօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի հանրապետութեանց դեսպաններուն հետ: Լիբանանի նորանշանակ դեսպանը Վեհափառ … Read more

ԼՈՒՌ ԿԱՄ ԿԵԴՐՈՆԱՍՈՅԶ ԱՂՕԹՔԻ ԱՇԽԱՏԱՆԻՍՏ

Կազմակերպութեամբ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբին, Շաբաթ, 16 Մայիս 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, տեղի ունեցաւ «Լուռ կամ կեդրոնասոյզ աղօթք»ի աշխատանիստ մը, որ ներկայացուց Մոնթրէալէն … Read more

ԵԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ԲԱՐԻ Է ԲՈԼՈՐՍ ՊԻՏԻ ՓՐԿՈՒԻ՞ՆՔ

Ընկերային ցանցերու վրայ վերջերս մտածողութեան մը հանդիպեցայ որ համընդհանուր փրկութիւն կը քարոզէր, ըսելով թէ ամէն մարդ պիտի փրկուի։ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ այս նիւթը նորութիւն չէ … Read more

ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ (ՊԵՆՏԷԿՈՍՏԷ) ԿԻՐԱԿԻ

Յիսուս իր հրաշափառ Յարութիւնէն  քառասուն օր ետք երկինք համբարձաւ, եւ Հօր աջ կողմը նստաւ, ու խոստացուած պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին ղրկեց առաքեալներուն: Հոգեգալուստը նոր սկիզբ մը … Read more

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ  ԱՒԵՏԱՐԱՆ 14.25-31

Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ: Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի … Read more

ԱՂՕԹՔ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Ս. ՀՈԳԻԻՆ

Միշտ Քեզի ծնրադրելով կ’աղաչենք մարդասէր Ս. Հոգի որ այս մարմնաւոր կեանքի ընթացքին մեր հոգիները պահպանես: Աներկիւղ անցնինք այս աշխարհէն, փրկուինք պիղծ դեւերէ եւ առաջնորդուինք ապահով … Read more