ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ (ՊԵՆՏԷԿՈՍՏԷ) ԿԻՐԱԿԻ

Յիսուս իր հրաշափառ Յարութիւնէն  քառասուն օր ետք երկինք համբարձաւ, եւ Հօր աջ կողմը նստաւ, ու խոստացուած պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին ղրկեց առաքեալներուն:

Հոգեգալուստը նոր սկիզբ մը եղաւ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ, որ տեղի ունեցաւ Յիսուսի Համբարձումէն տաս օր ետք, Զատկին յաջորդ յիսուներորդ օրը, եբրայական «Պենտեկոստէ» կոչուած տօնին յաջորդող Կիրակի օրը:

«Պենտեկոստէ» կը նշանակէ «Յիսուներրորդ օր»: Այսպէս կը կոչէին  եբրայական այն տօնը, որ կը զուգադիպէր իրենց Զատիկէն՝ «Պասեքէն» յիսուն օր ետք: Տօնը Հին Կտակարանի մէջ յայտնի է «Տօն եօթներորդաց» (Ելք 23.14-16, Բ. Օր 16.9-12): Հետագային այս տօնին միացուցած են նաեւ Սինա լեռէն Մովսէս մարգարէի ձեռքով Օրէնքի տուչութեան յիշատակը: Եւ որովհետեւ Հոգեգալուստն ալ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Յարութենէն յիսուն օր ետք, ուստի «Պենտեկոստէ» բառը սկսած է գործածուիլ նաեւ Հոգեգալուստի համար:

Հոգեգալստեան դրուագը, նկարագրուած է Գործք Առաքելոցի մէջ, ուր կ’ըսուի. «երբ Պենտեկոստէի օրերը վերջացան, անոնք ամէնքն ալ միասին հաւաքուած էին վերնատան մէջ» (Գրծ 1.15): Յանկարծ երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ եւ կրակի նման լեզուներ երեւցան, որոնք իջան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ, ամէնքն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներ: Եւ երբ  «ուժգին» ձայնը լսելի դարձաւ, բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ վերնատան շուրջը, բոլորը ապշեցան տեսնելով առաքեալները, որոնք կը խօսէին զանազան լեզուներ:

Ներկաներուն մեծ մասը, որ տարբեր քաղաքներէն եկած էին, շփոթած զիրար կը հարցնէին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս, իսկ ոմանք ալ ծաղրելով կ’ըսէին, թէ գինովցած են (Գրծ 2.13): Սակայն առաքեալները գինովցած չէին, այլ լեցուած էին Սուրբ Հոգիով:

Հոգեգալուստով տէրունական տօները իրենց աւարտին կը հասնին:

Հայ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիի գալուստը կը տօնէ ութ օր շարունակ, ինչպէս՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօները, որովհետեւ  Յիսուսի մկրտութեան պահուն, երբ Սուրբ Հոգին յայտնուեցաւ, զԻնք տարաւ անապատ, ուր քառասուն օր ու քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ ապրեցաւ: Ա՛յս է գլխաւոր պատճառը Հոգեգալուստը պահքով տօնելու:

Սուրբ Հոգիի գալուստով առաքեալները զանազան պարգեւներու արժանացան, նախ մաքրուեցան մեղքերէն, ստացան սքանչելագործութեան կարողութիւն, քարոզելու համարձակութիւն, ստացան իմաստութիւն ու բոլոր մարգարէութիւններուն եւ Սուրբ Գիրքերուն գիտութիւնը: Անոնք անբաժանելիօրէն միացան Քրիստոսի, որովհետեւ խաչելութեան ժամանակ հեռացած էին Յիսուսէ, իսկ Սուրբ Հոգիի գալուստէն ետք բոլորն ալ Անոր անունին համար միացան, չաչարուեցան ու նահատակուեցան:

ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ – ՊԵՆՏԵԿՈՍՏԷ

         Պենտեկոստէն հրէական տօն մըն էր: Սինայի անապատին մէջ երբ Աստուծոյ կողմէ Մովսէս Մարգարէին կը յանձնուի «Տասնաբանեայ  Պատուիրանները», այսինքն  Օրէնքներու  տուչութեան տօն է:

         Հին Կտակարանի մէջ Սինա լերան  վրայ Տէրը կրակին եւ ամպին մէջէն կ’երեւի Մովսէսին: Իսկ Նոր Կտակարանին՝ վերնատան մէջ հրեղէն լեզուներով կը հանգչի առաքեալներուն վրայ: Սինա լերան վրայ Աստուած եբրայեցի ժողովուրդին յատուկ Օրէնքներ կը յանձնէ Մովսէսի միջոցաւ: Իսկ քրիստոնէական Պենտեկոստէն կը յատկանշուի, որ փրկութեան աւետիսը  կը քարոզուի աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, իրենց սեփական լեզուներով:

         Նոր Պենտեկոստէն տօնն է նոր եկեղեցւոյ, որ սկսաւ տարածուիլ եւ յառաջդիմել, շնորհիւ հրեղէն լեզուներով զօրացած եւ աստուածգիտութեամբ օժտուած առաքեալներուն: Գործք Առաքելոց   գիրքը  ինքնին բաւարար է ցոյց տալու  թէ ինչպէս առաքեալները քրիստոնէական կրօնքը կարողացան ամբողջ աշխարհին փոխանցել: Երկչոտ, պարզ այդ ցկնորսները Սուրբ Հոգին ստանալէ ետք, հրետոր եւ ճարտասան քարոզիչներու վերածուեցան, որոնց դիմաց ոչ մէկ ոյժ կարողացաւ դէմ կենալ, կայսրերն անգամ խոնարհեցան  եւ մկրտուելով  Սուրբ Հոգիի շնորհքները ստացան:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան