Ընկերային ցանցերու վրայ վերջերս մտածողութեան մը հանդիպեցայ որ համընդհանուր փրկութիւն կը քարոզէր, ըսելով թէ ամէն մարդ պիտի փրկուի։ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ այս նիւթը նորութիւն չէ եւ յաճախ արծարծուած է։ Այսօր, ժամանակակից հոսանքներ նման մտածողութիւններ նորէն կը քննարկեն եւ մարդկային գաղափարներու ազդեցութեան տակ եզրակացութիւններու կը յանգին։
Եկէք տեսնենք եկեղեցին ի՞նչ կ’ըսէ այս մասին. Ամէ՞ն մարդ պիտի փրկուի։
Հին ժամանակներուն, ամէն մարդ, հրեաներ, հեթանոսներ թէ քրիստոնեաներ, կը գիտակցէին թէ պատասխանատու են Աստուծոյ առջեւ։ Մարդը իր սահմանափակութիւնը, մեղաւորութիւնը եւ դատաստանի իրականութիւնը կարծես աւելի կը զգար։ Ի տարբերութիւն արդի մշակոյթին մէջ ապրող մարդուն, ուր շատեր ոչ միայն իրենք զիրենք Աստուծոյ լոյսին տակ չեն դիտեր, այլեւ Աստուծոյ գաղափարը կը դատեն իրենց մարդկային չափանիշներով։
Այս մտածողութեան մէջ դժոխքի գաղափարը անհաճոյ իրականութիւն մը դարձած է, զոր շատ մարդիկ կը փորձեն մեղմացնել կամ վերաձեւել։ Այդ պատճառով ալ շատեր կը նախընտրեն խօսիլ միայն Աստուծոյ սիրոյն մասին՝ առանց անդրադառնալու Աստուծոյ արդարութեան, դատաստանին կամ մարդու ազատ ընտրութեան հետեւանքներուն։

Աստուածաշունչը այս հարցին հանդէպ շատ աւելի լուրջ եւ հաւասարակշռուած մօտեցում ունի։ Պօղոս առաքեալը կը գրէ, թէ «Ինչպէս Ադամէն ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան» (Ա. Կոր 15.22)։ Այս խօսքերը ոմանք կը մեկնաբանեն որպէս համընդհանուր փրկութեան վկայութիւն։ Բայց, նոյն առաքեալը նաեւ յստակօրէն կը զգուշացնէ, թէ «Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա. Կոր 6.9) եւ թէ անհնազանդները «յաւիտենական մահուամբ… պիտի պատժուին զրկուելով Տիրոջ ներկայութենէն» (Բ. Թես 1.9)։
Ամենէն վճռական վկայութիւնը սակայն Քրիստոսի ուսուցումն է։ Յիսուս բազմիցս խօսեցաւ դատաստանի, դժոխքի եւ յաւիտենական պատիժի մասին։ Ան խօսեցաւ խաւարի մը մասին, ուր մարդ պիտի գտնուի Աստուծմէ բաժնուած վիճակի մէջ։ Ղազարոսի եւ հարուստին առակին մէջ Յիսուս կը նկարագրէ անանցանելի վիհ մը արդարներուն հանգիստին եւ տառապանքի վայրին միջեւ։ Իսկ Վերջին դատաստանի մասին խօսելով՝ Քրիստոս կ’ըսէ. «անոնք պիտի երթան յաւիտենական պատիժի, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքի» (Մտ 25.46)։ Նկատեցէք ինչպէս թէ պատիժին եւ թէ կեանքին համար, նոյն «յաւիտենական» բառը գործածած է մեր Տէրը։ Եթէ յաւիտենական կեանքը անվերջ է, նոյնպէս ալ դատաստանի իրականութիւնը։
Այս նիւթին չեմ անդրադառնար աստուածաբանական վիճաբանութիւն մը ստեղծելու ասոր հակառակողներուն հետ։ Կը գրեմ, որ բոլորս լրջօրէն մտածենք ու աշխատինք, չթուլնալու եւ ամէն գնով պայքարելու մեղքին դէմ, որ մեզ Աստուծմէ կը հեռացնէ։ Մարդկային բնութիւնը հակում ունի ինքնախաբէութեան։ Մեղքը միշտ կը փորձէ ներկայանալ որպէս անվնաս, փոքր կամ ժամանակաւոր բան։ Եըօ տեղի տանք մեղքին, վերջապէս ապաշխարութեան հրատապութիւնն ալ պիտի մարի մեր մէջ։
Եկեղեցին եւ քրիստոնէական մտածելակերպը բնաւ չէ սորվեցուցած, թէ Աստուած մարդոց կորուստը կը փափաքի։ Ընդհակառակը՝ Աստուած կ’ուզէ, որ բոլոր մարդիկ փրկուին (Ա. Տիմ 2.3-4, Բ. Պտ 3.9)։ Ահա թէ ինչու Աւետարանը շարունակ կը հրաւիրէ ապաշխարութեան, արթնութեան եւ սրբութեան։ Քրիստոս ըսաւ, նեղ դռնէն մտէք, որովհետեւ կեանքի կ’առաջնորդէ (Մտ 7.14)։ Ուրեմն, փրկութիւնը լուրջ ճամբայ մըն է, որ պայքար եւ հաւատարմութիւն կը պահանջէ։
Այսօրուան աշխարհին մէջ, որ Աստուծոյ պատուիրաններուն անհնազանդութիւնը կամ մեղքին ծանրութիւնը մեղմացնել կամ բնական ներկայացնելով մեզ հեռացնել հոգեւոր զգաստութենէն, Քրիստոսի կոչը կը մնայ նոյնը՝ ապաշխարել, ճշմարտութեան մէջ քալել եւ ընտրել կեանք պարգեւող ճանապարհը։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան