ԼՈՒՌ ԿԱՄ ԿԵԴՐՈՆԱՍՈՅԶ ԱՂՕԹՔԻ ԱՇԽԱՏԱՆԻՍՏ

Կազմակերպութեամբ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբին, Շաբաթ, 16 Մայիս 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, տեղի ունեցաւ «Լուռ կամ կեդրոնասոյզ աղօթք»ի աշխատանիստ մը, որ ներկայացուց Մոնթրէալէն ժամանած Բարեշնորհ Կարօ Սարկաւագ Նոխուտեանը։

Աշխատանոցը բացուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ ժամակարգութենէն քաղուած աղօթքներով, որմէ ետք ներկաները ունեցան ինքնամփոփման եւ լուռ աղօթքի պահ մը։ Ապա, մասնակիցները հաւաքուեցան «Յովնանեան» սրահին մէջ, ուր Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Աննա Սղման Թուլումճեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց Բրշ. Սարկաւագը։

Իր խօսքին մէջ, Բրշ. Կարօ Սրկ. Նոխուտեան ներկայացուց լուռ աղօթքի հոլովոյթն ու մեթոտը՝ զայն բնորոշելով որպէս Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը խորացնելու գործնական միջոց մը։

Այնուհետեւ, աշխատանիստը շարունակուեցաւ չորս զրոյցներով՝ «Աղօթքը որպէս յարաբերութիւն», «Կեդրոնասոյզ աղօթքի մեթոտը», «Մտածումներու տնօրինում» եւ «Աստուծոյ հետ յարաբերութեան խորացում» խորագիրներով։ Իւրաքանչիւր բաժնի աւարտին մասնակիցներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու եւ մտքեր փոխանակելու։

Լուռ աղօթքի այս քրիստոնէական մեթոտին ծանօթացումէն ետք, ներկաները երկու տարբեր առիթներով, իւրաքանչիւրը շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ, գործնականօրէն փորձարկեցին զայն եւ ապա կիսեցին իրենց փորձառութիւններն ու տպաւորութիւնները։

Յետմիջօրէի ժամը 3։30-ի շուրջ, Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան իր փակման խօսքին մէջ ընդգծեց հետեւողական աղօթքի կարեւորութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Բրշ. Սրկ. Նոխուտեանին, Յանձնախումբի անդամներուն, եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին եւ բոլոր մասնակիցներուն՝ աւելցնելով, թէ ներկաները այսօր այստեղէն կը հեռանան իրենց հոգեւոր գանձարանին մէջ նոր գանձ մը կրելով։