
Մենք անրադարձանք ուրարի մասին, որ սարկաւագներ իրենց ձախ ուսէն կը կրեն։
Իսկ փորուրարը քահանայ հայրերու եւ բոլոր եկեղեցականներու վերաբերող այն ուրարն է, որ պատարագի շապիկին վրայէն, վիզէն անցնելով կը կախուի կրծքավանդակէն եւ կ’իջնէ մինչեւ վար, շապիկին ծայրամասը։
Երբ ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը փորուրարը կ՛անցնէ ընծայեալին վիզը, հետեւեալ բանաձեւը կ’ըսէ․ Սուրբ Հոգիէն կարողութի՛ւն ստացիր կրելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի լուծը։
Իսկ զգեստաւորութեան պահուն, քահանայ հայրը երբ փորուրարը վիզէն կ’անցնէ, հետեւեալ աղօթքը կ’ընէ ․- «Տէ՜ր, արդարութեամբ զարդարէ իմ պարանոցս, եւ սրբէ՛ սիրտս մեղքի բոլոր աղտերէն․ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը »։-
ՍՐԲԱՏՈԻՓ

Մասնատուփն ու սրբատուփը հոմանիշներ են։ երկուքին դերը նոյնն է։ երկուքն ալ սրբութիւնը՝ Ս․ Հաղորդութիւնը պահող սպասներ են։
Բայց այստեղ կարելի է իւրաքանչիւրին յատուկ որակում մը տալ, հետեւեալ ձեւով ․-
Սրբատուփը եկեղեցւոյ Ս․ Սեղանին վրայ սրբութիւնը պահող սպասն է, որուն մէջ մեծ քանակութամբ Ս․ Հաղորդութիւն Կարելի է պահել, անակնկալ առիթներով մեծ թիւով հաւատացեալներ կամ դպրոցական աշակերտներ հաղոդելու համար։
Իսկ մասնատուփը, քահանային անմիջական տրամադրութեան տակ գտնուող արծաթեայ փոքր այն տուփն է, որուն մէջ Ս․ Հաղորդութեան մասունքներ կը գտնուին, անմիջական պարագաներուն գործածուելու համար, ինչպես հիւանդներու այցելութեան եւ կամ ճամբորդութեանց նախօրեակին հաղորդութիւն փափաքողներուն համար։