ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

– Եկեղեցին քանի՞ մասեր ունի։

– Եկեղեցին երկու մասեր ունի։ — Զինուորեալ եկեղեցի եւ Յաղթական եկեղեցի։ Այս աշխարհին վրայ ապրող հաւատացեալները կը կազմեն Զինուորեալ եկեղեցին, որ կը պայքարի ընդդէմ սատանային ու մեղքին (ԵՓԵՍ. Զ. 10-20)։ Իսկ այս աշխարհի փորձութիւններէն յաղթելով հանդերձեալ կեանքին անցնող սուրբերը երկինքի մէջ կը կազմեն Յաղթական եկեղեցին, որ կը կոչուի նաեւ Անդրանիկաց ժողով (ԵԲՐ. ԺԲ. 22-24)։

– Ի՞նչ կը նշանակէ Հայաստանեայց Եկեղեցի։

– Հայաստանեայց Եկեղեցի կը նշանակէ Հայաստանի մէջ կամ Հայ հաւատացեալներու ժողովք։ Կը կոչուի նաեւ Հայոց Եկեղեցի կամ Հայ Եկեղեցի։

Հայաստանեայց Եկեղեցին ընդհանուրական եկեղեցւոյ կազմակերպութեան ճիւղերէն մէկն է որ հիմնուած է Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու ձեռքով։ Իսկ չորրորդ դարուն սկիզբը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանի քարոզութեամբն ու ջանքովը քրիստոնէութիւնը վերածաղկեցուց եւ տարածեց բովանդակ Հայաստանին մէջ։ Հայոց Տրդատ Գ. թագաւորը 301 թուականին քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակեց եւ Հայ ժողովուրդը պատիւն ունեցաւ ըլլալու աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը։

Երուսաղէմի Պարգեւ Աթոռակալից կաթողիկոս կ’ըսէ. «Հայաստանեայց եկեղեցին հոգեւոր մայրն է իր ժողովուրդին եւ ժողովուրդն ալ հոգեւոր զաւակներն են անոր։ Վասնզի ժողովուրդը մկրտութեամբ հոգեւորապէս կը ծնի անոր ծոցէն, անկէ կ’առնէ իր հոգեւոր սնունդը եւ կը պաշտպանուի անոր հովանիին տակ՝ ընդդէմ իր հաւատքին եւ բարոյականին թշնամիներուն։ Այս պատճառով կ’ըսուի մայրենի եկեղեցի»։

Նուպար Սրկ. Պէրպէրեան  «Ճանչնանք Մեր Եկեղեցին»