

Կիրակի 4 Հոկտ. 2026-ի առաւօտուն, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի 2026-2027 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչին, Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան ատենապետին ներկայութեամբ:
«Զգործս ձեռաց մերոց» մաղթանքէն ետք, Արժ. Տէր Հայրը բարի վերամուտի մաղթանքով յաջողութիւն մաղթեց դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան:
Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին, աշակերտութիւնը առաջնորդութեամբ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, եկեղեցի եկան եւ Ս. Հաղորդութիւն ստացան:
