ՈՒԹԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ

Մի՛ ԳՈՂՆԱՐ

1.Ի՞նչ կ’արգիլէ Աստուած Ութերորդ Պատուիրանով։

Աստուած կ’արգիլէ որեւէ կերպով ուրիշներուն ունեցածը գողնալ կամ զանոնք իրենց ստացուածքէն զրկել։

2.Ինչո՞ւ գողութիւնը արգիլուած է։

Որովհետեւ՝

  1. անարդար է ուրիշներուն ընել այն, ինչ որ մենք չենք ուզեր որ ուրիշները մեզի ընեն.
  2. մարդիկ իրարու եղբայրներ են, հետեւաբար պէտք է իրարու օգնեն եւ ոչ թէ զիրար զրկեն ունեցածէն։

3.Ի՞նչ վնաս կը պատճառէ գողութիւնը ընկերութեան։

Գողութիւնը աղետաբեր է ընկերութեան համար, որովհետեւ՝

  1. գողը կը վարժեցնէ ծուլութեան եւ անգործութեան.
  2. արհեստաւորն ու արուեստագէտը կը վհատեցնէ իրենց աշխատանքին մէջ, եւ այսպիսով մարդկային ընկերութիւնը կը հակամիտի անկման։

4.Ուրեմն,  ի՞նչ պէտք է ընեն աղքատները։

Անոնք պէտք է աշխատին եւ իրենց հացը ազնուութեամբ վաստկին՝ իրենց ճակտի քրտինքով։ Իսկ եթէ իրենց աշխատանքը բաւարար չըլլայ իրենց ապրուստը հոգալու, կրնան օգնութիւն խնդրել բարեգործ անձերէ կամ ընկերութիւններէ, եւ ոչ թէ դիմել գողութեան։

5.Քանի՞ կերպով կարելի է մարդ մը իր ստացուածքէն զրկել։

Երկու կերպով՝

  1. բռնութեամբ.
  2. խարդախութեամբ։

6.Բռնութիւնը միայն բացայայտ կողոպուտո՞վ կը կատարուի։

Ո՛չ։ Թոյլ անձէ մը որեւէ կերպով իր ունեցածը խլելը բռնութիւն է։

7.Ովքե՞ր են անոնք, որոնք խարդախութեամբ գողութիւն կը կատարեն։

Անոնք, որոնք խաբէութեամբ եւ գաղտնի միջոցներով անարդար շահեր ձեռք կը բերեն՝ իրենց նմաններուն վնաս պատճառելով՝

  1. գնումներու մէջ,
  2. վաճառքի մէջ,
  3. իրենց խոստումները չպահելով։

8.Ի՞նչ է գողութիւնը գնումի մէջ։

  1. Գնուած իրերուն ամբողջ գինը չվճարել.
  2. վաճառողին նեղ պայմաններէն եւ պարզամտութենէն օգտուելով՝ իր չնչին արժէքով ձեռք բերել եւ այդպէս սեփականատէրին վնաս պատճառել։

9.Ի՞նչ է գողութիւնը վաճառքի մէջ։

  1. Վատորակ ապրանքը լաւորակ ապրանքի տեղ վաճառել.
  2. գնորդին հրատապ կարիքէն եւ պարզամտութենէն օգտուելով՝ ապրանքը չափազանց բարձր գինով վաճառել.
  3. կշիռները գնորդին ի վնաս գործածել կամ այնպիսի չափեր գործածել, որոնք քանակի մէջ զինք կը խաբեն։

«Սուտ կշիռը գարշելի է Տէրոջ առջեւ, իսկ արդար կշիռը՝ անոր հաճելի»։

Դարձեալ՝ «Տարբեր կշիռները գարշելի են, եւ կեղծ կշիռը բարի չէ»։

Այսպէս գրած է Սողոմոն թագաւորը (Առակաց ԺԱ. 1, Ի. 23)։

10.Բանուորներն ու ծառայողները ինչպէ՞ս կրնան գողութեան մեղքին մէջ իյնալ։

  1. Երբ արդարօրէն չեն աշխատիր կամ չեն ծառայեր.
  2. երբ աշխատանքով չեն կատարեր իրենց խոստումները.
  3. երբ կ’առնեն եւ իրենց կը պահեն այն, որ իրենցը չէ.
  4. երբ իրենց տիրոջ համար բան մը կը գնեն եւ անփութութեամբ անոր համար չափազանց բարձր գին կը վճարեն, կամ իրենց տիրոջմէն ապրանքին համար աւելի բարձր գին կը պահանջեն, քան այն գինը, զոր իրապէս վճարած են։

11.Ի՞նչ պէտք է ընեն անոնք, որոնք գողութեամբ ուրիշները խաբած են։

Գողութեան մեղքը քաւելու համար միայն քահանային առջեւ մեղքը խոստովանիլը բաւարար չէ։ Անոնք պէտք է իրենց գողցածը վերադարձնեն սեփականատիրոջ, կամ անոր հասցուած վնասը հատուցանեն՝ խոստովանահօր խորհուրդին համաձայն։

12.Ինչո՞ւ խոստովանութիւնը բաւարար չէ գողութեան մեղքը քաւելու համար։

Որովհետեւ, եթէ գողը չուզեր վերադարձնել կամ հատուցանել գողցուածը, կը նշանակէ թէ ան իսկապէս չի զղջար իր գործած ծանր մեղքին համար եւ կ’ուզէ վայելել իր գործած անարդարութեան շահը, որ հակառակ է արդարութեան։

13.Սուրբ Գիրքին մէջ ի՞նչ հիմնական օրինակներ կան գողերու պատժուելուն մասին։

Սուրբ Գիրքին մէջ Աստուծոյ կողմէ գողերու պատժուելուն գլխաւոր օրինակներն են՝

  1. Աքանը, որ իր գործած գողութեան համար քարկոծուելով սպաննուեցաւ Երիքովի մէջ։
  2. Գեեզին, Եղիսէ մարգարէին ծառան, որ իր գործած գողութեան եւ սուտ խօսելուն համար բորոտութեամբ պատժուեցաւ։
  3. Անանիան եւ Սափիրան, որոնք գողութեան եւ սուտ խօսելուն համար յանկարծամահ եղան (Յեսու Է. 2, Դ. Թագաւորութեանց Ե., Գործք Առաքելոց Ե. 1-10)։

14.Ո՞վ կը ներկայացնէ գողութեան հետեւանքներուն ամենէն ահաւոր օրինակը։

Գողութեան ամենէն ահաւոր օրինակը Յուդա Իսկարիովտացին է։ Ան, թէեւ Առաքեալ մըն էր, սակայն գողութեան սովորութեամբ զրկուեցաւ Աստուծոյ շնորհքէն։

Սուրբ Աւետարանիչը անոր մասին կ’ըսէ, թէ գող էր (Ս. Յովհաննէս ԺԲ. 6)։ Դրամասիրութեան կիրքէն մոլեգնած՝ ան վերջապէս համարձակեցաւ մատնել Յիսուսը՝ իր երկնային Վարդապետը, երեսուն արծաթի դիմաց, հրեաներուն ձեռքը։

15.Գողութեան մեղքը մեծ կամ փոքր բաներ գողնալո՞ւ մէջ կը կայանայ։

Ո՛չ մէկուն մէջ մասնաւորապէս։ Գողութեան մեղաւորութիւնը կախեալ չէ գողցուած իրին արժէքէն, այլ անկէ՝ որ այդ արարքը ինքնին վիրաւորանք մըն է արդարութեան եւ իրաւունքի դէմ։ Հետեւաբար, նոյնքան մեղք է՝ մեր եղբօրմէն գիրք մը գողնալ, որքան անոր խանութէն արժէքաւոր իր մը վերցնել։ Գողութիւն է՝ դրամարկղէն դրամ մը գողնալը, ինչպէս նաեւ ազգին գանձարանը կամ եկեղեցւոյ գանձարանը կողոպտելը։

16.Ո՞րն է գողի մը բարոյական պատիժը։

Գողը կը կորսնցնէ հանրութեան վստահութիւնը, եւ ամէն բարի մարդ զայն արհամարհանքով կը դիտէ։

Գողին խիղճը իր դէմ է։ Ան միշտ վախի մէջ կ’ապրի, եւ այդ պատճառով իր կեանքը լեցուն կ’ըլլայ նեղութիւններով ու տագնապներով։ Ընդհանրապէս անոր կեանքը կա՛մ բանտի մէջ կը վերջանայ, կա՛մ կախաղանի վրայ։