Վեցերորդ Պատուիրանը

ՄԱՐԴ ՄԻ՛ ՍՊԱՆՆԵՐ

1. Ի՞նչ կը պատուիրէ երկնաւոր Օրէնսդիրը Վեցերորդ Պատուիրանով։

Չսպաննել մարդը. որովհետեւ, քանի որ մենք չենք կրնար կեանք տալ, իրաւունք չունինք ուրիշին կեանքը խլելու։ Միայն Աստուած4 ունի այդ իշխանութիւնը, որովհետեւ Ան կեանքի եւ մահուան բացարձակ Տէրն է։

2. Ինչո՞ւ մարդասպանութիւնը մեծ յանցանք կը նկատուի։

Որովհետեւ կեանքը երկրի վրայ մեծագոյն պարգեւն է։ Երբ կը կործանենք զայն, մեր սպաննած եղբայրը կը զրկենք իր փրկութիւնը ձեռք բերելու միջոցներէն, իսկ անոր ընտանիքը դաժանօրէն կը մատնենք սուգի եւ դժբախտութեան։

3. Սուրբ Գիրքին մէջ ի՞նչ օրինակ կայ մարդասպանութեան ահաւոր չարութեան մասին։

Մարդկութեան պատմութեան առաջին էջը արեամբ ներկուած է։ Մեր առաջին ծնողներուն անդրանիկ որդին՝ Կայէնը, սպաննեց իր անմեղ եղբայրը՝ Աբէլը։ Այդ պատճառով Աստուած պատժեց զինք, եւ մինչեւ այսօր առաջին մարդասպանին անունը սարսափով կ’արտասանուի։

4. Կրնա՞նք մեծ դժբախտութեան մը պատճառով, յուսահատութեան մէջ, մեր անձը սպաննել։

Ո՛չ, որովհետեւ մեր կեանքին տէրը մենք չենք։ Պէտք է մենք զմեզ յանձնենք Աստուծոյ հոգածութեան՝ վստահ ըլլալով, որ որքան ալ մեծ ըլլան մեր նեղութիւնները այս աշխարհին մէջ, այնքան աւելի մեծ պիտի ըլլայ այն վարձատրութիւնը, զոր յետոյ Աստուծմէ պիտի ստանանք։

5. Կրնա՞նք մեր թշնամիները սպաննել։

Մեր անձնական թշնամին կրնանք սպաննել միայն ինքնապաշտպանութեան համար, երբ ան զէնքով կը յարձակի մեզի վրայ՝ մեզ սպաննելու նպատակով, եւ մենք բոլորովին անկարող ենք մեր անձը փրկելու։

6. Թոյլատրելի՞ է սպաննել հայրենի երկրին թշնամիները։

Այո՛, պատերազմի ընթացքին թոյլատրելի է սպաննել հայրենի երկրին թշնամիները, ինչպէս Սուրբ Գիրքին մէջ բազմաթիւ օրինակներ կը տեսնենք։ Մարդկութիւնը միշտ օրինաւոր նկատած է հայրենիքին թշնամիներուն դէմ կռուիլը։ Բռնակալներու եւ իշխանութիւնը բռնութեամբ իւրացնողներու լուծէն սեփական ազգը ազատագրելը միշտ գովելի արարք նկատուած է՝ թէ՛ սրբազան եւ թէ՛ աշխարհիկ պատմութեան մէջ։

7. Մարդ պէ՞տք չէ իր անձնական պատիւը սուրով պաշտպանէ։

Ո՛չ, մենք պէտք է մեր պատիւը պաշտպանենք խօսքով եւ գրութեամբ՝ վստահ ըլլալով, որ ճշմարիտ պատիւը կախեալ է մեր վարքէն։ Զրպարտութիւնը չի կրնար իսկապէս սեւցնել մեզ, եթէ մենք մաքուր ենք. իսկ եթէ մեղաւոր ենք, ուրիշին արիւնը չի կրնար մեզ անմեղ դարձնել։

8. Ինչպէ՞ս կրնանք պահպանել մեր պատիւը։

  1. Մեր սիրտը զսպելով գեղեցկութեան հրապոյրներուն, ցուցամոլութեան, բարկութեան, եսասիրութեան եւ մոլութիւններուն դիմաց։
  2. Ջանալով ամէն պարագայի եւ բոլոր փորձութիւններուն մէջ չշեղիլ համեստութեան ճամբայէն, որ պատուաւոր կեանքի միակ եւ ուղիղ ուղին է։

9. Վեցերորդ Պատուիրանով Աստուած միայն մարդասպանութի՞ւնը կ’արգիլէ։

Ո՛չ։ Աստուած կ’արգիլէ նաեւ հետեւեալ ութ տեսակ յանցանքները։

Առաջին՝ մեր եղբայրը մեր սրտին մէջ ատելը, որ մեծ յանցանք է, որովհետեւ ատելութիւնը սրտին մէջ մարդասպանութիւն գործել կը նշանակէ։

10. Ո՞րն է երկրորդ յանցանքը։

Երկրորդ՝ Աստուած կ’արգիլէ մեր եղբայրը վիրաւորական անուններով կոչել, անիծել, անոր պատիւին եւ շահերուն վնասել՝ բացայայտօրէն կամ գաղտնաբար։

Ան նաեւ կ’արգիլէ մեր եղբօր հանդէպ չար զգացումներ ունենալ եւ ատելութեան պատճառով անոր հետ չխօսիլ կամ զայն չողջունել։

11. Ո՞րն է երրորդ յանցանքը։

Երրորդ՝ չարութիւնն ու թշնամութիւնը այն աստիճանի հասցնել, որ յարձակինք մեր եղբօր վրայ, հարուածենք, կծենք եւ ծեծենք զայն, պատճառ դառնալով անոր վիրաւորուելուն եւ նոյնիսկ մահանալուն։

Ո՞րն է չորրորդ յանցանքը։

Չորրորդ՝ մեր եղբօր տալ այնպիսի ուտելիք կամ խմելիք, որ կրնայ վնասել անոր առողջութեան կամ վտանգել անոր կեանքը։

12. Ո՞րն է հինգերորդ յանցանքը։

Հինգերորդ՝ մեր եղբայրը մղել կամ ստիպել, որ մեր շահուն եւ հաճոյքին համար այնպիսի գործեր կատարէ, որոնք կրնան վտանգել անոր կեանքը կամ պատճառ դառնալ անոր հոգեւոր ու մարմնաւոր վնասին։

13. Ո՞րն է վեցերորդ յանցանքը։

Վեցերորդ՝ մեր անձնական զուարճութեան կամ վրէժխնդրութեան համար ուրիշները գրգռել, որպէսզի իրարու վրայ յարձակին եւ կռուին, այսպիսով իրար վիրաւորելով եւ սպաննելով։

14. Ո՞րն է եօթներորդ յանցանքը։

Եօթներորդ՝ անզուսպ ու չափազանցուած ուտելով եւ խմելով վատնել մեր սեփական եւ մեր եղբայրներուն կեանքը, որովհետեւ այս վարքը ինքնասպանութեան եւ եղբայրասպանութեան համազօր է։

15. Ո՞րն է ութերորդ յանցանքը։

Ութերորդ՝ ծնողներուն արգիլուած է իրենց զաւակները առանց խնամքի եւ դաստիարակութեան ձգել, որովհետեւ այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն հոգեւոր եւ մտաւոր կազմաւորման համար չեն հոգար, բարոյապէս կը սպաննեն զանոնք։

16. Ինչպէ՞ս կրնանք պահել Վեցերորդ Պատուիրանը։

Պէտք է գիտակցինք մեր եւ ուրիշներու կեանքին մեծ արժէքին, որովհետեւ կեանքը Աստուծոյ բոլոր պարգեւներուն ամէնէն թանկագինն է՝ մեր հոգիներուն փրկութենէն ետք։

17. Երկրորդ՝ ինչպէ՞ս կրնանք պահել այս Պատուիրանը։

Բոլոր մարդիկը սիրելով, մեր թշնամիներուն ներելով, ամէն մարդու հանդէպ նկատառու վարուելով եւ մեր կիրքերն ու բարկութիւնը զսպելով։

Ասոր համար շատ կարեւոր է ամբողջովին խուսափիլ վէճերու բոլոր պատճառերէն, ինչպէս նաեւ բարկացկոտ եւ կռուազան մարդոց ընկերակցութենէն։

18. Իսկ երրորդ՝ ինչպէ՞ս կրնանք պահել այս Պատուիրանը։

Ջանալով մեր մէջ զարգացնել հեզ եւ խաղաղասէր հոգի մը, խորտակելով մեր մտքին հպարտութիւնը եւ ամէն առիթով համբերութիւն գործադրելով։

Այս նպատակին հասնելու համար պէտք է միշտ աղօթենք Աստուծոյ, որպէսզի Ան մեզի շնորհէ խաղաղ եւ հանդարտ հոգի մը։ Այդպիսով մեր կեանքը քաղցր պիտի դառնայ մեզի համար, եւ մենք երբեք պիտի չգայթակղինք ուրիշներու կեանքին վնասելու։

(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)