Սուրբերու աճիւններէն մասնիկ մը, փշրանք մը, երբ բարեպաշտական զգացումներով արժաթեայ փոքր տուփերու մէջ դրուած են կը կոչուին մասունք։
Անցեալին սովորութիւն չկար շարժական տուփերու մէջ պահել սուրբերու աճիւններէն մասնիկներ։ Նոյնիսկ փոքր ոսկորի բեկորներ կը թաղէին եւ գերեզմանաքարեր կը պատրաստէին անոնց համար։
Այս երեւոյթը պատճառ դարձած է, որ զանազան սուրբեր մէկէ աւելի գերեզմաններ ունենան։
Աւելի ետքն է, որ մարդիկ սկսան ճաճանչաւոր տուփեր շինել եւ անոնց մէջ պահել սուրբերու մասունքները։ Նոյնիսկ վիզէն կախելու նպատակով փոքր տուփիկներ պատրաստուած են անոնց մէջ ամփոփելու համար սուրբերուն մասունքները։
Այսօր մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Սեղանի բազմոցը զարդարող մեծ թէ փոքր զանազան մասունքներ կան, ճաճանչաւոր թէ պարզ տուփերու մէջ, որոնք մեր բարեպաշտ ժողովուրդի պաշտամունքին արժանացած են։


