ԱՂԵՐՍ
«Եկայք առ իս․․․ » կ’ըսեիր հօտիդ համար ծարաւի
Եւ սրտերուն՝ մութին մեջ իրենց որբ ցաւը լացող․․․
Ուխտին քողը ճակատին, երկինքներէն երազի,
Ա՛հ, ան քալեց հաւատքով, ծիծաղներուն տակ հեգնող:

Վիշտը լուծիդ տրտմանուշ, գոր կամեցաւ ընդունիլ՝
Ուրացումովն աշխարհին, վրան փխրուն ուսերուն,
Արիւնեց սիրտն ամէն ժամ, երբ Ան տենչաց բաշխուիլ
Անհունօրէն մարդերուն, մահուանբ բոսոր իղձերուն։
Եւ արդ, ո՜վ Տէր բարեգութ, Դուն որ օրերն ծառայիղ
Գեթսէմանէն Գողգոթա, ըրիր Ճանապարհ-֊խաչին,
Եւ շնորհին արժանի տառանանաց Բաժակին․․․
Անառակին զղջումով, Քեզի դարձող սա որդիդ,
Որ նարեկեան տեսիլքով, քուլայ-֊քուլայ կ’երկարի,
Իր հոգիին անդունդէն դէպի սիրոյդ արեւին,
Երանաւէտ խոստումովդ, ա՛լ ընդունէ՛ կաթոգին։
Կորիւն Արք. Պապեան
Գամիշլի, 1965