ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍՐԲՈՑ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

— Ի՞նչ կը նշանակէ բարեխօսութիւն։

— Բարեխօսութիւն կը նշանակէ միջնորդութիւն ի նպաստ ուրիշի մը։ Հետեւաբար բարեխօսել կը նշանակէ՝ միջնորդել կամ խնդրել ուրիշի մը բարիքին համար։ Երբ մարդիկ աղօթեն իրարու բարիքին կամ յաջողութեան համար, Աստուծոյ առջեւ բարեխօսած կ’ըլլան։

— Կրնա՞նք Աստուածաշունչէն յիշել անձեր որոնք աղօթած եւ բարեխօսած ըլլան ուրիշներու համար։

— Այո՛։ Մովսէս մարգարէն քանիցս բարեխօսած է Իսրայէլի ժողովուրդին համար։ Սամուէլ մարգարէն իր ազգին փրկութեան համար ապաւինելով աղօթած է։ Յոբ իր երեք ընկերներուն համար աղօթեց ու բարեխօսեց եւ Աստուած Յոբի բարեխօսական աղօթքը ընդունելով ներեց անոնց (ՅՈԲ. ԽԲ. 7-9)։ Նոյնպէս Եղիա, Եղիսէ, Երեմիա եւ այլ մարգարէներ աղօթած ու բարեխօսած են իրենց ժողովուրդին համար։ Նոր Կտակարանի գիրքերուն մէջ եւս կը կարդանք ու կը տեսնենք թէ առաքեալներ կ’աղօթեն Աստուծոյ՝ իրենց հօտին համար եւ հաւատացեալ ժողովուրդէն աղօթք կը հայցեն իրենց համար։

— Ի՞նչ է սրբոց բարեխօսութիւնը։

— Քրիստոսի Ուղղափառ եւ Ընդհանրական Եկեղեցին (որուն մէկ կարեւոր ճիւղն է Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին) կը վարդապետէ թէ այն բոլոր սուրբերը որոնք այս աշխարհէն հանգերձեալ կը մեկնին ու մաս կը կազմեն Երկնքի Անտեսանելի Ժողովին (եկեղեցիին)՝ հոն դարձեալ կ’աղօթեն մեզի համար, որպէսզի մենք ալ իրենց նման յաղթանակ տանենք սատանայի ու մեղքի դէմ եւ ժառանգենք երկնքի արքայութիւնը։

 Նուպար Սրկ. Պէրպէրեան  «Ճանչնանք Մեր Եկեղեցին»