Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԸ ԵՒ ԳԻՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԸ

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայոց գիրը՝ «Այբուբենը» ստեղծեց 404-406 թուականին, ճշմարտութիւն մը, որ յայտնի է իւրաքանչիւր հայու: «Այբուբեն» բառը կազմուած է առաջին երկու տառերու անուններէն՝ Ա-այբ, Բ-բեն: Գիրերու գիւտի արդիւնքը այն եղաւ, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ամբողջ ընթացքին տառերը եղան ինքնատիպ սուր՝ բազմադարեան թշնամիներուն դէմ: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց կատարեց հայրենանուէր այնպիսի գործ, որ հրաշքի նման էր: Սակայն արդեօք դիւրի՞ն էր գրերու գիւտը: Հայագիր հնագույն մատեաններուն համաձայն, Ս. Մեսրոպի աշակերտներուն գործերուն ուսումնասիրութեան հիման վրայ, գիտնականներ եկած են այն եզրակացութեան, որ հայ գիրերը Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծած է հանգրուանային կերպով:

Ա-Հայաստանի տարբեր գաւառները այցելելով՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ուսումնասիրած է այդ շրջաններու բարբառներու հնչիւնական արտասանական իւրայատկութիւնները, համեմատած եւ գտած է ընդհանուր ու հասարակաց հնչոյն, եւ տառերը ստեղծած է այդ ընդհանուրին համապատասխան:

Բ-Յաջորդ կարեւոր խնդիրը գրութեան ուղղութիւնն է, կային ձախէն-աջ,աջէն-ձախ, վերէն վար գրութիւններ: Գիրի զարգացման բարձր աստիճանը առաջընթաց ուղղութիւնն է, որ դարձեալ ճիշդ ընտրուեցաւ Ս. Մեսրոպի կողմէ:

Գ- Կարգ մը այբուբեններու մէջ նոյն տառը երբեմն տարբեր ձեւով կ’արտասանուի: Ս. Մեսրոպ ընտրեց ճիշդ սկզբունք մէկ հնչիւնին՝ մէկ գիր  տառ:

Դ-Հին ժամանակի ամէնէն յայտնի եւ գործնական լեզուներէն երկուքը՝ ասորերէն եւ պահլաւերէն  բառերուն մէջ ձայնաւորները չէին գրուեր, որմէ դժուարութիւններ եւ թիւրիմացութիւններ կը յառաջանային: Ս. Մեսրոպ տառեր յօրինեց նաեւ ձայնաւորներուն համար:

Տառերը յօրինելէ ետք Ս. Մեսրոպ Մաշտոց պէտք էր զանոնք դասաւորէր, եւ տառերուն անուններ տար, ինչպէս նաեւ՝ թուային արժէք, որպէսզի վերջնականապէս ձեւաւորուէր այբուբենը: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց նաեւ գիրերու գործածութեան կանոններ սահմանեց: Աւարտելէ ետք թարգմանական գործի սկսաւ:

«Օ» եւ «Ֆ» տառերը Մաշտոցեան այբուբենին մաս չեն կազմեր, աւելցուած են 12-րդ դարուն, իսկ 17-րդ դարուն նաեւ «Եւ» շաղկապը: Միջնադարուն հայոց գիրերը նաեւ նկարազարդուեցան եւ ծաղկազարդուեցան «Թռչնագիր», Ծաղկագիր» հայ գծագրիչներու կողմէ, գեղեցիկ խորհրդանիշներով:

Սուրբ Թարգմանիչ Վարդապետներու շնորհիւ Աստուծոյ խօսքը սկսաւ  հայերէն հնչել եւ դարձաւ հարազատ ու հասկնալի հայ ժողովրդին։ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Սուրբ Թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակը այս տարի կը տօնէ հոկտեմբերի 10-ին: Այս առիթով Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանության մասին  երեք ճշմարտութիւններ կը ներկայացնենք:

Ա- Գրերու գիւտէն ետք առաջին հայատառ նախադասութիւնը եղաւ Սողոմոնի «Առակաց գրքէն» հատուածը. «Ճանաչել զիմաստութիւն և զխրատ, իմանալ զբանս յանճարոյ»: Եւ որմէ ետք  միայն սկսաւ Աստուածաշունչ մատեանի ամբողջական թարգմանութիւնը: Ֆրանսացի գիտնական Լա Կրոզիի կողմէ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը համարուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութիւններու»:

Բ- Աստուածաշունչ մատեանի առաջին ամբողջական թարգմանութիւնը Ս․ Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս․ Սահակ Պարթեւի եւ անոնց աշակերտներուն կողմէ աւարտեցաւ 436-ին:

Գ- Հայերէն Աստուածաշունչի թարգմանութեան համար օգտագործուած են յունարէն եւ ասորերէն բնագիրներ: Աստուածաշունչի թարգմանութիւնէն առաջ հայ եկեղեցիներու մէջ Սուրբ Գիրքը կ’ընթերցուէր յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով, ապա վարդապետները  կը թարգմանէին ու  կը բացատրէին  ժողովուրդին: Թարգմանիչները հայ ժողովուրդը կապեցին երկու մեծ մշակութային աշխարհներու հետ:

Յունական աշխարհէն՝ Փիլիսոփայութիւն, Տրամաբանութիւն, Աստուածաբանութիւն, գիտութիւն:

Ասորական աշխարհէն՝ քրիստոնէական գրականութիւն, եկեղեցական մտածողութիւն, մեկնողական գրականութիւն:

Այս ամբողջ ժառանգութիւնը թարգմանուեցաւ հայերէնի։ Արդիւնքը եղաւ այն, որ հայերէնը դարձաւ ոչ միայն առօրեայ հաղորդակցութեան լեզու, այլեւ՝ գիտութեան, փիլիսոփայութեան, աստուածաբանութեան եւ պատմագրութեան լեզու։

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան