ՏՕՆ՝ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՄԵՐՈՑ

Հայ գրերու գիւտը արդիւնք էր Ս. Գիրքը հայերէն թարգմանելու անհրաժեշտութեան, որպէսզի հայ ժողովուրդը կարենար իր մայրենի լեզուով կարդալ եւ հասկնալ Աստուծոյ խօսքը՝ իբրեւ հոգեւոր սնունդ: Այդ անյետաձգելի գործը կատարեց Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ՝ տարիներու տքնաջան  հսկումով ու աղօթքով երկնելով հայ գիրը 404-406 թուականին:

Երբեմն հարց կը տրուի, ի՞նչ է Ս. Գիրքը (Աստուածաշունչ)ը: Քրիստոնէական կրօնի հիմքն է, Աստուծոյ գոյութեան եւ կեանքի Մատեանն է, Աստուծոյ խօսքն է եւ մեր հաւատքի խարիսխը: Ան մարդկութեան հոգեւոր սնունդի անսպառ շտեմարանն է, ոսկեղէն  խօսքերու եւ թանկագին ադամանդներու գանձարան: Կեանքի փրկութեան ոսկեմատեանն է ան: Ամբողջ աշխարհը այս գիրքը Սուրբ Գիրք կ’անուանէ. իսկ մենք հայերս, Աստուածաշունչ կը կոչենք, օգտագործելով մեր անմահ Թարգմանիչներուն իմաստութեամբ ու մեծավայելչութեամբ գործածած այս գոհար բառը: Աստուածաշունչի Հին Կտակարանը կը բաղկանայ 48 գրքերէ իսկ Նոր Կտակարանը՝ 27: Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Թարգմանիչ հայրեր, Աստուածաշունչի առաջին Թարգմանութիւնը կատարեցին ասորերէն (Պեշիթա) կոչուած ասորական թարգմանութենէն, որ կը նշանակէ (ռամիկ, պարզ, հասարակ): Այնուհետեւ օգտուած են Եօթանասնից կոչուած թարգմանութենէն, որ կատարուած է եբրայերէն բնագիրէն: 434 թուականին Թարգմանիչ Վարդապետներ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի հետ, սրբագրած են  Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, եւ իր լրումին հասցուցած: Այսօր Աստուածաշունչը արդի հայերէնի թարգմանուած ըլլալու կողքին նաեւ ձեռնտու դարձած է համակարգչային համաբարբառի գործածութիւնը, այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ թէ հայ եկեղեցին ժամանակի հետ քայլ կը պահէ եւ ինքզինք կը նորոգէ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան