
Կիրակի, 19 Յուլիս 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան, իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 42-րդ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-րդ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան 10-րդ ամեակներուն առիթով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Գիւսպէկեան եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Սուրբ Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Ազնաւորեան» Դպրաց Դասը՝ խմբավարութեամբ Տիկ. Անուշ Գալստանեանի, եւ Մանօ Սրկ. Ճէնանեանի երգեհոնի նուագակցութեամբ։

Պատարագին ներկայ էին Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգլըճեան, Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան, Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկ. Ծովիկ Թէրզեան ու վարչութեան անդամները, եկեղեցւոյ երեսփոխանները, հոգաբարձութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ Հայ Կեդրոնի սրահ, ուր խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Բրշ. Կարօ Սրկ. Սարգիսեան։ Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր երեք յոբելեանները պարզապէս թուականներ չեն, այլ վկայութիւններ են հաւատարիմ ծառայութեան, անսասան առաջնորդութեան եւ Քրիստոսի, Սուրբ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին հանդէպ անվերապահ նուիրումին։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Սրբազան Հայրը իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին մարմնաւորած է ճշմարիտ հովուական առաջնորդութիւնը՝ խոնարհութեամբ, իմաստութեամբ եւ հայրական սիրով առաջնորդելով ու մխիթարելով հաւատացեալները եւ հաւատարիմ մնալով Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելական աւանդութեան։
«Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութենէն ետք, «Պահպանիչ» աղօթքով Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը օրհնեց ներկաները, որոնք այնուհետեւ մօտեցան՝ աջահամբոյր կատարելու եւ իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցելու յոբելեար Սրբազան Հօր։










