Շաբաթ 18 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի Սկաուտները, նախքան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ բանակումի (24 Յուլիս- 2 Օգոստոս) մեկնումին, որ պիտի կայանայ Հայաստան, թիւով 30 քոյրեր եւ եղբայրներ, ընկերակցութեամբ ընդհանուր խմբապետին եւ պատասխանատուներուն, Ս. Աստուածաին Եկեղեցի այցելեցին:
Եկեղեցւոյ մէջ անոնք դիմաւորուեցան Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի կողմէ: Տէր Հայրը, նախ խօսեցաւ եւ ըսաւ. «բանակումի յաջողութիւնը կը կայանայ, հնազանդութեան եւ համագործակցութեան մէջ»:
Ապա ճամբորդութեան աղօթք արտասանեց, եւ իւրաքանչիւրին փոքրիկ գրպանի աղօթագիրք նուիրեց ու բարի ճանապարհ եւ վերադարձ մաղթեց:
