
Շաբաթ, 18 Յուլիս 2026-ին, կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Օնթարիոյի Քինկսթըն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ Թեմիս Սարկաւագներու եւ Դպրաց Դասերու տարեկան աւանդական համախմբումը՝ հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։

Համախմբումին մասնակցեցան Թեմիս եկեղեցիներէն աւելի քան 65 Սարկաւագներ, Կիսասարկաւագներ, դպրիրներ ու դպրուհիներ։
Կազմակերպիչ բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, բացումը կատարեց համախմբումին, որ սկիզբ առաւ Առաւօտեան Ժամերգութեամբ։

Օրակարգը առաջին հերթին սկսաւ Բարեշնորհ Յարութ Սարկաւագ Կիւլոյեանի խորհրդածութեամբ: Ան որպէս բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ» (Եփեսացիս 4:22)։
Խորհրդածութենէն ետք, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան վարեց ծանօթացման (Icebreaker) բաժինը։

Օրուան թեման կեդրոնացած էր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2026 տարուան հռչակագրին՝ «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ»ին մէջ արծարծուած եւ թելադրուած գաղափարներուն վրայ:
Առաջին նիւթն էր՝ «Եկեղեցւոյ Ծառայողը՝ Հաւատքի Ժառանգորդն ու Ապագան Կառուցողը», որ ներկայացուց Հայր Յակոբը:

Երկրորդ բաժնով, Մայէսթրօ Արմէն Ամիրխանեան դպրաց դասի անդամներուն ներկայացուց իր կողմէ մշակուած «Կիլիկիա» մաղթերգի քառաձայն տարբերակը։
Երրորդ նիւթն էր՝ «Հայ Եկեղեցւոյ 1725-ամեակ՝ Հաւատքի Ժառանգութիւն եւ Առաքելութիւն», որ ներկայացուց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան:

Աւարտին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմուքը կազմակերպած էր զարգացման մրցում` հիմնուած Աստուածաշունչի վրայ։ Զարգացման մրցումին առաջին երեք դիրքերը ապահովող մասնակիցները Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ ստացան նուէրներ։
Համախմբումը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

