ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ԲԱԲԳԷՆ Ս. ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒՆ

Նախաձեռնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական եւ Խառն Ժողովներուն, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ հովանաւորութեամբ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոգմաքճեաններու, Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս արժանավայել կերպով նշուեցան Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 42-րդ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-րդ, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Մականին ստանձնման 10-րդ տարեդարձները։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թեմի Հոգեւոր Հայրերը, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Համայնքի Հովիւ՝ Վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեան, Օնթարիոյ Նահանգի Հայազգի Երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեան, քաղաքական դէմքերու ներկայացուցիչներ, Ազգային Վարչութեան եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդի բազմաթիւ զաւակներ։

Սրբազան համերգը սկիզբ առաւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» Կրտսերաց Դպրաց Դասի կողմէ կատարուած Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ՝ խմբավարութեամբ Տիկ. Հիլտա Գանտահարեանի։

Ապա, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ՝ Բրշ. Տոքթ. Գրիգոր Սրկ. Պէպէճեան, որ իր ողջոյնի խօսքին մէջ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ նշեց, թէ կազմակերպուած յոբելենական այս հանդիսութիւնը երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր նկատմամբ, որ իր տեսլականով, նուիրումով եւ հայրական հոգատարութեամբ համախմբած ու զօրացուցած է համայնքը՝ նպաստելով Թեմի հոգեւոր, ազգային եւ կրթական կեանքի զարգացման, միշտ ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդին։

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ կրտսերաց դպրաց դասի զուլալ ու հրեշտակային երգեցողութեամբ՝ հոգեւոր երգերու եւ շարականներու կատարումով։ Ասոր յաջորդեց «Ազնաւորեան» Դպրաց Դասի ելոյթը, խմբավարութեամբ Տիկին Անուշ Գալուստեանի։ Ան, բարձր կատարողականութեամբ, ներդաշնակ բազմաձայնութեամբ եւ նուրբ երաժշտական մեկնաբանութեամբ ներկայացուց հինգ հոգեւոր երգեր։ Զոյգ երգչախումբերուն դաշնամուրով ընկերացաւ՝ Տիկ. Նարինէ Սիսեռեան Մուրատեան։

Զոյգ Դպրաց Դասերու ելոյթէն ետք, ուղերձով հանդէս եկաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան, որ ներկայացուց Սրբազան Հօր կեանքի եւ ծառայութեան հարուստ ուղին՝ Դպրեվանքի տարիներէն մինչեւ Լիբանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Միացեալ Նահանգներ, Սուրիա, Իրան եւ ապա Գանատա, ուր ան միշտ ծառայած է նոյն նուիրումով՝ ի սպաս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։ Տէր Հայրը յատկապէս շեշտեց Սրբազան Հօր հովուական, կրթական, ազգային եւ եկեղեցաշինութեան վաստակը, անոր մշտական զօրակցութիւնը Հայաստանին ու Արցախին, ինչպէս նաեւ այն առաջնորդական տեսլականը, որով վերջին տասը տարիներուն հարստացուց Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր, կրթական եւ համայնքային կեանքը։ Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց Յոբելեար Սրբազան Հայրը՝ մաղթելով առողջութիւն, երկար ու արդիւնաւէտ տարիներ եւ Աստուծոյ առատ օրհնութիւնը՝ շարունակելու իր նուիրական առաքելութիւնը։

Այնուհետեւ, խօսք առաւ Օնթարիոյի Նահանգային Խորհրդարանի հայազգի անդամ Տիար Արիս Պապիկեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց Սրբազան Հօր։ Ան նաեւ փոխանցեց Օնթարիոյի Վարչապետ՝ Տակ Ֆորտի ջերմ բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորական գիրը՝ յոբելենական այս նշանակալից առիթին։

Ապա, սկիզբ առաւ Սրբազան համերգի երկրորդ բաժինը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ փունջ մը Հայ Եկեղեցւոյ հնագոյն շարականներէն՝ արդի գործիքաւորումներով, սակայն պահպանելով անոնց աւանդական ոգին, հնութիւնն ու արժէքը։

Ութ շարականներուն գործիքաւորումները կատարած էր Մայէսթրօ Արմէն Ամիրխանեան, իսկ զանոնք մեկնաբանեցին՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, Արժ. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեան, Բրշ. Գէորգ Սրկ. Գատէհճեան եւ սիրուած ու հանրածանօթ երգիչ՝ Էլի Պէրպէրեան։

Ապա, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ շնորհաւորական խօսք արտասանեց Վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեան՝ վեր առնելով Սրբազան Հօր երկարամեայ եկեղեցական ծառայութիւնը եւ նուիրումը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի շինութեան։ Վերապատուելին իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Սրբազան Հօր՝ մաղթելով քաջառողջութիւն, նորանոր շնորհներ եւ երկար տարիներու բեղուն ծառայութիւն՝ ի փառս Աստուծոյ։

Հանդիսութեան աւարտին, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան բեմ հրաւիրեց հանդիսութեան մասնակիցներն ու Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամները եւ, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ու հաւատացեալ ժողովուրդին անունով, Սրբազան Հօր նուիրեց ոսկեզօծ Առաջնորդական գաւազան մը՝ մաղթելով, որ Սրբազան Հօր առաջնորդական ասան միշտ ծաղկեալ մնայ եւ շարունակէ իր օրհնաբեր առաքելութիւնը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն. Ան ըսաւ. «Այս պահուն սիրտս խոր յուզումով եւ երախտագիտութեան զգացումներով կը լեցուի, երբ կը նշուին իմ ծառայական կեանքի տարբեր հանգրուաններու ամեակները։ Նախ եւ առաջ փառք եւ գոհութիւն կը վերառաքեմ առ Ամենակալ եւ Ամենաբարի Աստուած, որ Իր անսահման ողորմութեամբ կանչեց ու առաքեց զիս, զօրացուց ինծի եւ արժանի դարձուց ծառայելու Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդին։

Ամեակները պարզապէս թիւեր չեն. անոնք ծառայական կեանքի հանգրուաններ են, արժեւորման առիթներ են, միաժամանակ նաեւ կամքերը պրկելու եւ նոյն հաւատքով ու սիրով ծառայութիւնը շարունակելու կոչ՝ հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ, շարունակելով մեր հայրերուն ուղին, պաշտպանելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները եւ պահպանելով մեր ինքնութիւնը անաղարտ պահող արժէքները՝ յանուն գալիք սերունդներուն։

Այս ամեակները ինծի համար նաեւ ուխտի վերանորոգման առիթ են։ Այս պահուն դարձեալ կը նորոգեմ իմ ուխտը՝ շարունակելու ծառայել Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր սիրելի ժողովուրդին՝ նոյն հաւատքով, նոյն սիրով, նոյն պատրաստակամութեամբ եւ նոյն յանձնառութեամբ»։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութեամբ յոբելենական հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ։