ՈՒԹ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՏԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍԸ ԱՍՏԻՃԱՆԵՐ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2026-ի, տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութիւն՝ ձեռամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչ Գերապատիւ Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանի:

Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններ ստացան Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան, Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեան, Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան, Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան եւ Օշին Վրդ. Չուալերթանեան: