ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2026-ին, Օթթաուայի մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդի օգնական Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Թերզեանի, ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի Դեսպանատան կողմէ Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարին ի պատիւ կազմակերպուած հիւրընկալութեան երեկոյին։

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ տարբեր յարանուանութիւններէ եւ կրօնքներէ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ նահանգային եւ դաշնային մակարդակի պետական ներկայացուցիչներ՝ ներառեալ Ներգաղթի եւ Քաղաքացիութեան Նախարար (Minister of Immigration and Citizenship) Տիկին Լինա Տիապը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անձնապէս բարի գալուստ մաղթեց Պրն. Նախարարին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր այցելութեան ընթացքին կատարուելիք ձեռնարկներուն համար։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի