Սրտիս հառաչանքներուն, հեծեծանքներուն
Եւ ողբերուն աղաղակը Քեզի կ’ընծայեմ,
Ո՛վ ծածուկ խորհուրդները տեսնող Աստուած։
Հոգիիս այրող տրտմութեան կրակին մէջ
Կը մատուցանեմ մտքիս փափաքներուն պտուղը՝
Իբրեւ կամաւոր պատարագ,
Իբրեւ բանաւոր ողջակէզ։
— Ս. Գրիգոր Նարեկացի, «Մատեան ողբերգութեան», Բան Ա.