ՅԱՅՍՄԱՒՈՒՐՔ

Անցեալին եկեղեցւոյ յարկէն ներս, ծիսակատարութեանց ընթացքին գործածուող զանազան գիրքերու շարքին կը գտնուէր նաեւ հաստակազմ եւ մեծահատոր սիրուած գիրք մը, որ հայ հաւատացեալի պաշտամունքին մէջ իւրայատուկ իր տեղը ունէր: Այդ գիրքը կը կոչուի Յայսմաւուրք, որ իր մէջ կը պարունակէ եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն վարքերն ու վկայաբանութիւնները:

Ամէն օր յետ միջօրէին, երեկոյեան ժամերգութեան սկզբնաւորութեան հաւատացեալներ կ’ունկնդրէին եւ հաղորդ կը դառնային օրուան սուրբին կամ սուրբերուն կեանքին, վկայաբանութեան եւ նահատակութեան խորհուրդին:

Ամէնօրեայ այս ընթերցումները կը սկսէին՝ Յայսմաւուր յիշատակ է… (Այսօր յիշատակն է…) նախադասութեամբ: Այդ պատճառով ալ, հատորը անուանակոչուած էր Յայսմաւուրք:

Այսօր Յայսմաւուրքի գործածութիւնը դադրած է մեր եկեղեցիներուն մէջ: Սակայն հաւատացեալներ սուրբերու կեանքին եւ վկայաբանութեան կրնան ծանօթանալ եւ հաղորդակից դառնալ տպագրեալ Վարք Սրբոցներու միջոցաւ: