
— Որո՞նք կը կոչուին կուսակրօն։
— Կուսակրօն կը կոչուին այն եկեղեցականները որոնք կ՚ուխտեն չամուսնանալ ու նուիրուիլ միայն Քրիստոսի եւ Անոր Ս. եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Կուսակրօն եկեղեցականները վեղար կը կրեն՝ ի նշան աշխարհէն հրաժարուելու։ Կուսակրօն քահանան վեղար ստանալով կը կոչուի աբեղայ։
— Ի՞նչ կը նշանակէ վարդապետ։
— Վարդապետ կը նշանակէ՝ ուսուցանող, ուսուցիչ, մեկնաբանող։ Առաքեալները ժամանակին ալ կային վարդապետներ (ԳՈՐԾՔ. ԺԳ. 1) որոնք հմուտ էին Հին Կտակարանին եւ կը մեկնաբանէին մարգարէական գրքերը։
— Ի՞նչ է Աբեղութիւնը։
— Աբեղութիւնը եւս տիտղոս մըն է որ կաթողիկոսը կը շնորհէ կուսակրօն եկեղեցականներուն՝ զանոնք պատուելու համար։ Աբեղայ կամ աբեղին կը նշանակէ պատուական։
Նուպար Սրկ. Պէրպէրեան «Ճանչնանք Մեր Եկեղեցին»