ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԻՒՆ
Ինչո՞ւ պէտք է երկրպագել։

«Երկրպագել» կը նշանակէ մինչեւ գետին խոնարհիլ եւ զԱստուած փառաւորել։ Երկրպագութիւնը երբ կը կատարուի Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով, անիկա կը խորհրդանշէ փառաւորում եւ պաշտամունք Սուրբ Երրորդութեան երեք Անձերուն։ Իսկ երբ անիկա կը կատարուի ի դէմս սուրբերուն, ատիկա կը խորհրդանշէ խոնարհիլ եւ յարգել ու ակնածիլ անոնց ապրած կեանքին եւ վարքին դիմաց։
Պէտք է երկրպագել ամէն անգամ, երբ Ս. Պատարագի ընթացքին սարկաւագը կը հրաւիրէ բոլոր հաւատացեալները, հոգեւորական թէ աշխարհական, Աստուծոյ դիմաց խոնարհելով երկրպագելու՝ «Աստուծոյ երկրպագեսցուք»։ Երկրպագելէ ետք պէտք է նաեւ երեսը խաչակնքել։
Երկու ձեւով կարելի է երկրպագել. գլուխը խոնարհեցնելով եւ ծնրադրութեամբ։ Այս երկրորդը կը կոչուի նաեւ՝ ծնրադիր երկրպագութիւն, որ յատկապէս կը կատարուի առանձնական աղօթքի ընթացքին։ Նիկիոյ Տիեզերական Առաջին Ժողովը (325 թ.) կանոն կը սահմանէ Կիրակի օրերը ծնրադրելով չերկրպագել, այլ՝ Աստուծոյ երկրպագել կանգնած։ Ատով՝ պատուած կ’ըլլանք Կիրակի օրուան խորհուրդը, որովհետեւ այդ օրը Յիսուս յարութիւն առաւ եւ մարդոց յարութիւն տուաւ, այլ խօսքով՝ ոտքի կանգնեցուց մեղքերէն։
Ժդ Շարունակելի: