«Ներկայիս այդ Սրբարանը բաց է մեր առջեւ» ( Եբր 9.9)
Սրբազան Պօղոս առաքեալ՝ Եբրայեցիներուն նամակի իններորդ եւ տասներրորդ գլուխներուն մէջ, հոգեւոր մաքրութեան, մեղքերէ սրբուելու եւ հոգիի փրկութեան խորհուրդները հասկնալի կերպով բացատրելու համար բաղդատական մը կ’ընէ Հին Ուխտի եւ Նոր Ուխտի ըմբռնումներուն միջեւ:
Հին Ուխտի մէջ մեղքերու թողութիւնը կը կատարուէր զոհերու արիւնով, որ սրբութեան խորանէն ներս, քահանաներուն ձեռքով ամէն օր կ’ընծայուէր Աստուծոյ, եւ տարին օր մը միայն՝ քահանայապետի ձեռքով, Սրբութիւն Սրբոց խորանէն ներս:
Առանց արիւնի, չկար թողութիւն: Սակայն զոհերու արիւնը, առանց հաւատքի եւ զղջումի չէր կրնար մեղքերու թողութիւն պարգեւել. Մարգարէն շատ յստակ բառերով կը պատգամէր. «Քանզի ես ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ՛ զոհ» (Ովս 6.6):
Զոհերու արիւնը սրսկելու համար միայն քահանայական դասը մուտք կը գործէր Սրբարան:

Սակայն Քրիստոս Իր պատուական եւ Սուրբ արիւնով լուաց մեղքի աղտեղութիւնը, մաքրագործեց մարդոց հոգեկան մեղքերը եւ Սրբարանէն ներս հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները անխտիր, ըլլան անոնք եկեղեցական թէ աշխարհական, պայմանաւ որ պահած ըլլան անոնք սրտի ու հոգիի անմեղութիւնն ու սրբութիւնը:
Քրիստոս որպէս քահանայապետ եւ զոհ, մէկ անգամ պատարագուեցաւ եւ արեան հեղումով յաւիտենական փրկութիւն շնորհեց բոլորիս: Այդ պատճառով, առաքեալը հոգեկան անհուն ցնծութեամբ կը դիմէ հաւատացեալներուն, ըսելով. «Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, Յիսուսի արիւնով՝ այլեւս ազատ ենք Սրբարանը մտնելու» (Եբր 10.19):
Բայց ի՞նչ է անձիդ սրբարանը:
Սրբարանը առաջին հերթին Եկեղեցին է, Աստուծոյ տունը, որ աղօթքի տուն է, ուր հաւատացեալը երկիւղածութեամբ կը մտնէ աղօթելու համար:
Սրբարանը Ս. Խորանն է, ուր քահանան՝ Քրիստոսի արեան շնորհիւ, համարձակութիւն ունի մտնելու եւ պատարագ մատուցանելու:
Սրբարանը այլաբանական իմաստով՝ Ս. Հաղորդութիւնն է, որու շնորհիւ կը միանանք Քրիստոսի: Ան մեր մէջ կը բնակի եւ մենք՝ Իր մէջ:
Եւ վերջապէս, Սրբարանը երկնքի արքայութիւնն է, ուր բարի հոգիները՝ Քրիստոսի արեան շնորհիւ, մուտք կը գործեն:
Ուստի, Քրիստոսի փրկարար եւ Սուրբ արեան շնորհիւ՝ բոլորս համարձակութիւն ունինք մտնելու Սրբարանէն ներս եւ զինք փառաւորելու:
Փառք Քրիստոսի, որ աստուածային անսահման սիրոյն պատճառով, կենարար արիւնով փրկագործեց մեզ:
Ասկէ ետք երբեք չյուսահատինք եւ չկասկածինք Քրիստոսի՝ մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյն վրայ, եւ մեր յոյսերը Իր վրայ դրած՝ պայքարինք մեղքի դէմ, մաքուր պահենք մեր սրտերն ու հոգիները, որպէսզի համարձակութիւն ունենանք մտնելու Սրբարարէն ներս, փառաւորելու Սրբութիւն Սրբոց՝ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս.ամէն:
ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 10.22-30
Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին.
Ձմեռ էր. Երուսաղէմի մէջ տաճարին նաւակատիքի տօնակատարութիւնը տեղի կ’ունենար: Յիսուս տաճարին Սողոմոնի սիւնագաւիթին մէջ կ’երթեւեկէր, երբ իր շուրջ հաւաքուեցան Հրեաները եւ հարցուցին.
-Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես. եթէ դուն ես Քրիստոսը՝ յստակ ըսէ մեզի:
Յիսուս պատասխանեց.
-Արդէն իսկ ձեզի ըսած եմ, սակայն չէք հաւատար: Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ ես: Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք: Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին: Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս: Հայրս բոլորէն աւելի մեծ է: Ես եւ Հայրս մէկ ենք:

Տօնական օրուան առիթով, խումբ մը հրեաներ տաճարին մէջ կը շրջապատեն Յիսուսը եւ հարց կու տան, ըսելով. «Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես. եթէ դուն ես Քրիստոսը՝ յստակ ըսէ մեզի» (Յհ 10.24): Խորամանկ հարցում մը, որուն պատասխանը ինչ որ ալ ըլլար պիտի չգոհացնէր զիրենք: Եթէ Յիսուս «Ո՛չ, ես չեմ» պատասխանէր՝ իր աստուածային առաքելութեան հակասած պիտի ըլլար եւ այլեւս ոչ ոք պիտի լսէր զինք ու հետեւէր իրեն: Եթէ «Այո՝, ես եմ» պատասխանէր՝ հայհոյած պիտի համարուէր եւ արդէն իսկ պատրաստուած էին զԻնք քարկոծելու եւ վերջ դնելու Իր կեանքին ու առաքելութեան: Յիսուս պատասխանեց անոնց ըսելով. «Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ ես» (Յհ 10.25):
Եթէ հարց տանք թէ ի՞նչ էին այդ գործերը, որոնք կը վկայեն Քրիստոսի մասին.
ա- Աւազանին մօտ երեսունութ ամեայ անդամալոյծին բժշկութիւնը շաբաթ օրով.(Յհ 5.1-18), որուն աւարտին երբ Յիսուս զԱստուած Հայր կոչեց՝ ուզեցին զԻնք սպանել:
բ- Հինգ հացով եւ երկու ձուկով հինգ հազարի կերակրումը.(Յհ 6.1-11), որուն աւարտին ներկաները ըսին թէ ա՛յս է ճշմարիտ մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար:
գ-Ի ծնէ կոյրին բժշկութիւնը շաբաթ օրով (Յհ 9.1-14), որուն աւարտին հրեաները ամէն միջոցի դիմեցին մերժելու համար հրաշքի իրողութիւնը՝ ի ծնէ կոյրը ըսաւ, որ եթէ այդ մարդը Աստուծմէ չըլլար՝ չէր կրնար աչքերս բանալ:
Վերոյիշեալ եւ աւետարաններուն մէջ յիշուած թիւով (37) հրաշքները, մեծագոյն ապացույցներն են Քրիստոսի աստուածութեան:
Առիթով մը Յիսուս կ’ըսէ. «Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրս իմ մէջս. եթէ ոչ խօսքերուս համար՝ գոնէ կատարած գործերուս համար հաւատացէք» (Յհ 14.11):
Այս բոլորը լսելէ եւ տեսնելէ ետք տակաւին չէին հաւատար, կը հետեւէին Յիսուսի միայն զԻնք քննադատելու եւ յանցանքի մէջ տեսնելու: Յիսուս իր խօսքը յաղթականօրէն կ’աւարտէ ըսելով. «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.30): Ուզեցին քարկոծել զԻնք, բայց Յիսուս հեռացաւ անոնցմէ:
Հետեւաբար, սիրելի հաւատացեալներ, չ’ըլլանք Քրիստոսի ժամանակակից կեղծաւոր հաւատացեալներու նման, որոնք մերժեցին «Լոյսը» եւ մնացին խաւարի մէջ, այլ ընդունինք լոյսը եւ ըլլանք «Լոյսի» որդիներ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան