Արարատեան Շաբաթ

Հոգեգալուստէն մեկ շաբաթ ետք, Եղիա մարգարէի յիշատակութեան տօնին յաջորդող երկուշաբթին մեզի կը յիշեցնէ, ազգային եւ եկեղեցական տօներով լի փառահեղ շաբաթուան մը սկիզբը, որ հայոց պատմութեան մէջ «Արարատեան» շաբաթ անուանուած է: Իրադարձութիւններ, որոնք կը յիշատակուին այս շաբաթուայ ընթացքին, ուղղակիօրէն առնչուած են 301 թուականի «Հայաստանի քրիստոնէութեան» հաստատման եւ անոր նախորդող պատմական իրողութիւններու հետ, որոնց մանրամասն նկարագրութիւնները մեզի հասած են Ագաթանգեղոսի բացառիկ եւ արժեքաւոր պատմութեան շնորհիւ: Այդ բոլոր իրադարձութիւնները տեղի ունեցած են Արարատեան դաշտի մէջ, որուն պատճառով ալ այդ շաբաթուան տրուած է «Արարատեան» շաբաթ անուանումը:

Այս շաբաթը կը խորհրդանշէ հայոց դարձն ու քրիստոնէական հաւատքի յաղթանակը հեթանոսական կռապաշտութեան վրայ:

ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՒ ԳԱՅԻԱՆԵԱՆՑ Ս. ԿՈՅՍԵՐ

         Ծագումով հռոմայեցի կոյսեր, որոնք Բ. Դարու աւարտին հռոմէն փախստական եկած են Հայաստան, որովհետեւ հռոմի՝ Դիոկղետիանոս կայսրը ամուսնանալ կ’ուզէր իր կայսրութեան մէջ ապրող գեղեցկագոյն աղջկան հետ: Այդ իսկ պատճառով, իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ փնտռել կու տայ, իր պահանջքները ամբողջացնող աղջիկը գտնել եւ բերել իրեն: Ի վերջոյ, Գայիանէ անունով մայրապետի մը քրիստոնէական կուսանոցին մէջ կը գտնուէր Հռիփսիմէ անունով կոյս մը, որ կ’ամբողջացնէր առաջին տիկին ըլլալու պայմանները:

         Կոյսերը իմանալով կայսրին մտադրութիւնը, գիշերով գաղտնի կը հեռանան կայսրութեան սահմաններէն եւ կ’անցնին Եգիպտոս: Ապա Երուսաղէմի ճամբով կը հասնին Հայաստան ու կ’ապաստանին վարագայ լերան վրայ: Ս. Հռիփսիմէ Կոյս իր հետ Հայաստան կը բերէ Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը. երբ Տրդատ կանչել կու տայ, Սրբուհին անմիջապէս Ս. Մասունքը կը պահէ Վարագայ լերան վրայ:

         Դիոկղետիանոս կայսրը, լսելով կոյսերուն Հայաստան ապաստանիլը, անմիջապէս լուր կը ղրկէ Հայոց Տրդատ թագաւորին, որպէսզի կոյսերը ձերբակալէ եւ Հռոմ ղրկէ:

         Տրդատ թագաւոր ամէն կողմ փնտռել տալէ ետք կոյսերը, կը գտնէ եւ բերել կու տայ զանոնք իր քով: Թագաւորը հմայուելով Հռիփսիմէ կոյսի գեղեցկութենէն, ինք կ’ուզէ ամուսնանալ անոր հետ:

         Տրդատ թագաւորի առաջարկը խստիւ կը մերժուի կոյսին կողմէ, ըսելով «ես չեմ ամուսնանար հեթանոս թագաւորի մը հետ», որովհետեւ ինք արդէն իսկ ունի իր երկնաւոր փեսան Քրիստոսը:

         Տրդատ թագաւոր կանչել կու տայ Գայիանէն, որպէսզի համոզէ իր սանուհին ընդունելու թագաւորին առաջարկը: Բայց Գայիանէ փոխանակ համոզելու Հռիփսիմէն, աւելիով կը քաջալերէ զինք, որպէսզի հաստատ մնայ իր հաւատքին մէջ եւ երբեք չտկարանայ:

         Տրդատ կը զայրանայ եւ զանազան չարչարանքներու ենթարկելէ ետք Գայիանէն եւ իր հետ եղող կոյսերը՝ աչքերնին փորելէ եւ մարմինին բզկտելէ ետք սպանել կու տայ երկու կոյսերը: Երբ մնացեալ կոյսերը կը մօտենան սուրբերուն մարմինները հաւաքելու եւ թաղելու, դահիճները իսկոյն զիրենք եւս կը բռնեն եւ կը նահատակեն: Այսպիսով բոլորն ալ թիւով երեսուն եւ եօթ կոյսեր կը նահատակուին հայոց աշխարհին մէջ 301 թ.-ին:

         Այս շրջանին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գտնուէր Խոր Վիրապի մէջ: Նահատակ կոյսերու մարմինները օրերով անթաղ կը մնան իրենց նահատակութեան վայրերուն մէջ, եւ սակայն ոչ մէկ գազան կը մօտենայ յօշոտելու անոնց սուրբ մարմինները:

         Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն դուրս գալէն ետք, յարգանքով եւ պատուով կը թաղէ կոյսերուն մարմինները եւ վկայարան մըն ալ շինել կու տայ անոնց գերեզմաններուն վրայ:

         Հինգերորդ դարուն Ս. Սահակ Հայրապետ կը փնտռէ կոյսերուն նշխարները, կը հանէ զանոնք եւ կը զետեղէ նոր վկայարանի մը մէջ:

         Եօթներորդ դարուն Կոմիտաս Կաթողիկոս կը նորոգէ կոյսերուն տապանը, մեծ վկայարան մը շինելէ ետք, այդ առիթով կը յօրինէ իր նշանաւոր շարականը. «Անձինք նուիրեալք» այբենական կարգով 36 տուներէ բաղկացած շատ գեղեցիկ, ուր կը պանծացնէ կոյսերուն անթառամ յիշատակն ու առաքինութիւնները:

ՍՈՒՐԲ  ԳՐԻԳՈՐ  ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ  ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԵԼՔԸ  ԽՈՐ  ՎԻՐԱՊԷՆ

         Հայոց Տրդատ թագաւորը, Հռիփսիմեանց Սուրբերը սպանել տալէ ետք անբուժելի հիւանդութեամբ մը կը վարակուի: Տրդատի քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ անընդհատ կը մտածէ իր եղբայրը բժշկելու միջոց մը գտնելու մասին: Յանկարծ, գիշերով լուսաւոր էակ մը կը յայտնուի իրեն ու կ’ըսէ. «Միայն Գրիգորը, որ Խոր Վիրապ նետուած է, կարող է եղբայրդ բժշկել եւ Հայաստան աշխարհը լուսաւորել՝ աստուածգիտութեամբ»: Նոյն տեսիլքը քանի մը անգամ կը կրկնուի: Խոսրովիդուխտ իշխանուհին երկնային այս պատգամը կը փոխանցէ Օտա Ամատունի իշխանին եւ զայն կը ղրկէ, որ վիրապին բացուածքէն կը կանչէ. «Գրիգոր, ո՞ղջ ես». իսկոյն վարէն կը պատասխանէ Գրիգոր ըսելով. «Աստուծոյ հրամանով ողջ եմ». անմիջապէս հանել կու տայ Գրիգորը: Մեծ ուրախութեամբ ու փառքով, Գրիգոր կ’առաջնորդուի դէպի Վաղարշապատ: Տրդատ եւ Գրիգոր դէմ դիմաց կը կանգնին, Գրիգոր ծունկի կու գայ, կ’աղօթէ եւ կը բժշկէ Տրդատը եւ նոյն ախտէ վարակուած միւս պալատականները:

         Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր առաքելութիւնը կը շարունակէ Սրբոց Հռիփսիմեանց նահատակութեան վայրը երթալով, կ’ամփոփէ եւ կը թաղէ կոյսերուն մարմինները հնձանի մը մէջ եւ վաթսունհինգ օր շարունակ ժողովուրդին կը պատգամէ աստուածային ճշմարտութիւնը, ըսելով. «Ճանչցէք արարիչ Աստուածը՝ եւ պիտի բուժուիք ձեր ցաւերէն եւ զօրանաք: Աստուծոյ ճշմարիտ Որդին ամօթ չի սեպեր ձեզ իր եղբայրները կոչել, եթէ երկրպագէք Աստուծոյ: Եթէ դարձի գաք ձեր ընթացքէն, սրբուելով ձեր ակամայ անգիտութեան մեղքերէն՝ Ան ձեզի պիտի շնորհէ անմահ կեանք»:

         Սուրբը ընդարձակօրէն կը ծանօթացնէ եւ կը բացատրէ անոնց Քրիստոնէութեան էութիւնը, ապա թագաւորին գործակցութեամբ միասնաբար հրապարակներու վրայ կանգնել կու տան  Տէրունական Սուրբ Խաչի նշանը:

         Քրիստոնէութիւնը պետականացնելու համար անհրաժեշտ էր ծրագրուած աշխատանքի լծուիլ:

         Տրդատ թագաւորը, Աշխէն թագուհին եւ իր քրոջ Խոսրովիդուխտի հետ, Վաղարշապատի մէջ ժողովի կը հրաւիրեն ժողովուրդը եւ երկրի աւագանին: Ժողովականները միաձայնութեամբ Ս. Գրիգորի Կաթողիկոսացումը կը պահանջեն: Ս. Գրիգոր Կեսարիա կը ղրկուի, Ղեւոնդիոսի եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ, 302 թուականին, նախ քահանայ եւ ապա՝ Քահանայապետ կը ձեռնադրուի, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ: Ս. Գրիգոր, վերադարձին ամբողջ հայ ժողովուրդը քրիստոնեայ կը մկրտէ:

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան