ԵՄԻՓՈՐՈՆ

Եպիսկոպոսական պատարագի զգեստին մաս կը կազմէ եմիփորոնը:

Շուրջ երեք մեթր երկայնքով եւ 30 սմ. լայնքով ուրարանման ուսնոց մըն է անիկա, որուն կեդրոնական բաժինը՝ շուրջ բոլորը ընելէ ետք պատարագիչ եպիսկոպոսի թիկունքին եւ ուսերուն, մասնաւոր ճարմանդով մը կու գայ ագուցուելու անոր կուրծքին: Առաջին մասը ինքն իր վրայ ծալուելով հորիզոնական կ’ամրացուի կուրծքի բաժնին վրայ զետեղուած կոճակներուն եւ վար կը կախուի մինչեւ պատարագիչին ոտքերը՝ փորուրարի նման: Իսկ երկրորդ բաժինը, շարունակելով ձախ ոււսէն կ’անցնի պատարագիչի թիկունքին եւ հոն ինքն իր վրայ ծալուելով հորիզոնական կ’ամրացուի մասնաւոր զետեղուած կոճակներուն եւ ապա ծայրամասը վար կ’իջնէ քամակէն մինչեւ շուրջառին ծոպերը:

Եմիփորոնը ընդհանրապէս պատրաստուած կ’ըլլայ գեղեցիկ եւ ոսկեհիւս ասեղնագործութեամբ, եզերուած մասնաւոր նաշխերով եւ ծոպերով:

Ասեղնագործուած հինգ խաչեր կը զարդարեն եմիփորոնը, առաջինը զետեղուած կ’ըլլայ կուրծքի բաժնին վրայ, երկրորդն ու երրորդը՝ աջ եւ ձախ ուսերուն, չորրորդը՝ առաջամասին վրայ իջնող բաժնին վրայ, իսկ հինգերորդը՝ թիկունքէն դէպի վար կախուած բաժնին վրայ:

Վերջին ժամանակներուն, նկատի առնելով եմիփորոնի զգեստաւորման դժուարութիւնը, դիւրութեան համար զայն երեք անջատ կտորներու վերածեցին.- ուսնոցի բաժինը, որ պատարագիչին թիկունքն ու ուսերը գրկելով մասնաւոր ճարմանդով կ’ամրացուի կուրծքին, իսկ միւս երկու կտորները՝ ուսնոցին առջեւէն եւ ետեւէն մասնաւոր կոճակներով կ’ամրացուին եւ վար կը կախուին:

Եմիփորոնը եպիսկոպոսական պատարագի զգեստաւորումին յաւելեալ վայելչութիւն եւ ճոխութիւն տուող խաչաձեւ զարդարանք մըն է, եւ միանգամայն ցուցանիշ է պատարագիչին եպիսկոպոսական կարգին, իշխանութեան եւ հանգամանքին:

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան վեհափառ հայրապետը մասնաւոր օրհնութեամբ կը կատարէ Եմիփորոնի տուչութիւնը: