ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի 94-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ

Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ներկայ գտնուեցաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 120-ամեակի առիթով կազմակերպուած 94-րդ Ընդհանուր Ժողովին։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժողովին փոխանցեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքները։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի