
«Առաջնորդի Ընթրիք»ը Գանատայի Հայոց Թեմի մեծ ընտանիքին համար կը յատկանշուի իւրայատուկ աւանդութեամբ մը, որ ի մի կը համախմբէ մեր Թեմի եկեղեցիներուն ծառայողները, Ազգային Առաջնորդարանին բարերարներն ու բարեկամները:
Մեծն Մոնթրէալի եկեղեցիներուն հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողներն ու համայնքի մեծ ընտանիքը, Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ բոլորեցին «Առաջնորդի Ընթրիք»ը՝ ի նպաստ Ազգային Առաջնորդարանին, որ այս տարի ձօնուած էր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-րդ եւ Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս առաջնորդական ծառայութեան 10-րդ ամեակներուն։ Ձեռնարկի նախագահներն էին՝ Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեան ամոլը եւ կազմակերպութեամբ այս առիթով յատուկ նշանակուած յանձնախումբին։
Աւանդական ընթրիքին ներկայ էին հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Շքանշանակիրներ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:

Ընթրիքի հանդիսավարն էր, «Առաջնորդի Ընթրիք»ի յանձնախումբի անդամ՝ Տիկին Անի Պապիկեանը, որ ամենայն ձեռնհասութեամբ կատարեց իրեն վստահուած պաշտօնը:
Հանդիսավարին բարի գալուստի խօսքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։
Ապա, Ազգային Վարչութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Ծովիկ Թէրզեանը, որ ողջունեց ներկաները, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր հովանաւորներուն ու ներկաներուն, ու մանաւանդ բոլոր այն ազգայիններուն, որոնք յարատեւօրէն նեցուկ կը կանգնին Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, եւ շեշտեց միասնութեան ու համագործակցութեան կենսական կարեւորութեան մասին: Ան նաեւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր յոբելեաններուն եւ Ազգային Վարչութեան ու Կրօնական Ժողովին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, իր տարիներու անշահախնդիր ծառայութեան համար, յիշելով որ «Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այն հովիւն է, որ կը հետեւի իր հօտին մարտահրաւէրներուն, դժուարութիւններուն, նաեւ յաջողութիւններուն։ Բաբգէն Սրբազան ներկայութիւն է մեր բոլոր գաղութներէն ներս եւ կը հասնի բոլորին առանց խտրականութեան»։
Տիկին Թերզեանի խօսքէն ետք, ներկաները միասնաբար դիտեցին Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը:

Ընթրիքի մթնոլորտին հայկականութեան մեծ նպաստ բերին գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցները: Ասմունքով հանդէս եկաւ Տիկին Ռուբինա Քիւփէլեանը: Իսկ, հայրենի մեղեդիներով ու երաժշտութեամբ մթնոլորտը գեղեցկացուցին՝ Jazz Duo դաշնակահար՝ Խաչատուր Ղազարեան եւ մեներգող՝ Սեւան Աբանեան։
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի կատարէ պարգեւատրումները:
Իրենց բազմամեայ նուիրական ծառայութեանց համար՝ Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեան ամոլը եւ Տիկին Աննա Պուլկարեանը պարգեւատրուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ շնորհուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով:
Պատուուեցան նաեւ Տեարք՝ Յակոբ Արեւեան, Յովհաննէս Գաթարոյեան, Սերժ Եսայեան, Մովսէս Թօփուզեան, Արէգ Մարգարեան, Մէթր Հրանդ Նահապետեան, Բրշ. Կարօ Սրկ. Նոխուտեան ու Նորայր Պէզճեան եւ Տիկնայք՝ Նայիրի Բաբախեան, Երէցկին Նինա Գոյունեան եւ Նուշիկ Էլոյեան՝ արժանանալով Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ազգային-Եկեղեցական ծառայութեանց՝ «Յովհան Մանդակունի» Շքանշանին։ Իսկ՝ Տոքթոր Արմէն Ափրիկեանն ու Տոքթոր Մկրտիչ Տարաքճեանը պատուուեցան, Ազգայոն Առաջնորդարանի Ազգային, Կրթական, Մշակութային եւ Մասնագիտական իրագործուﬓերու՝ «Անանիա Շիրակացի» Շքանշանով։

Հայաստանի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ տեղի ունեցած Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ բանակուﬕ ընթացքին, 809 սկաուտներ ﬕասին կազﬔցին աշխարհի աﬔնաﬔծ մարդկային Շուշանածաղիկը, որ կը հանդիսանայ համաշխարհային սկաուտութեան ﬕջազգային խորհրդանիշը, այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Օրհնութեան Գիր»ով գնահատեց՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը։
Պարգեւատրումներէն ետք, ներկաները միասնաբար դիտեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր Յոբելեաններուն առիթով պատրաստուած տեսերիզ մը, որմէ ետք, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակը, նուիրուած՝ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի յոբելեաններուն։
Երեկոյթի փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան առաջին հերթին ողջունեց բոլոր ներկաները, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներուն ու բարեկամներուն ու սոյն երեկոյին հովանաւորներուն։

Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնաւորաբար շեշտեց, որ «Առաջնորդարանը իր լայնածաւալ ծրագիրներով կը գործէ ի խնդիր համայնքներու հզօրացման եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Ազգային Առաջնորդարանը աւելի սերտօրէն ամրապնդելով այդ գիտակցութիւնը, կը շարունակէ ընթանալ ընդհանրական շահերու իրագործման հեռանկարով»:
Իր խօսքին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմիս Խառն Ժողովին, որ այս տարուան «Առաջնորդի Ընթրիք»ը ձօնած էր իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-րդ եւ Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս առաջնորդական ծառայութեան 10-րդ ամեակներուն։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց բոլոր կամաւորները եւ մանաւանդ «Առաջնորդի Ընթրիք»ի կազմակերպիչ յանձնախումբը, որոնք անդուլ կերպով աշխատեցան եւ ձեռնարկը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ։
Ընթրիքը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ