Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏ ԱՍՏԻՃԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ Ս.ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑԻ ՇՔԱՇՆՇԱՆԻ ԴԱՍԸՆԹՑԱՔԸ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ

Նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան համատեղ գործակցութեամբ, Սկաուտներու տարեկան դաստիարակչական ծրագիրներուն մէջ ներառնուած են կրօնաբարոյական ծրագիրներ եւ Ս. Ղեւոնդ Երէց Շքանշանի Դասընթացքներ:

Արդարեւ, Շաբաթ 18 Հոկտ. 2026-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն ներս սկիզբ առաւ այս տարուան Ա. Բաժինի ծրագիրը, առաջնորդութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ.Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի:

Դասընթացքներու մասնակից 32 Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ ամենայն լրջութեամբ հետեւեցան ներկայացուած ծրագրին: Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած յատուկ գեղատիպ գրքոյկներ տրամադրուեցան մասնակիցներուն: Դասընթացքը պիտի ընթանայ երեք հանգրուանով.

Ա.- Լսարանային

Բ.- Լսատեսողական

Գ.- Գործնական

Ա. Հանգրուանը կայացաւ եկեղեցիէն ներս, մասնակիցները ծանօթացան հայ եկեղեցւոյ կառոյցին, հիմնադիր Առաքեալներուն եւ Հայրապետներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական կարգ մը սովորութիւններուն: