
Չորեքշաբթի, 10 Յունիս 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբի անդամներէն՝ Տիկ. Սեդա Թաշճեանին եւ Տիկ. Էմմա Պասմաճեանին ընկերակցութեամբ, այցելեց Fieldstone Commons-ի «Արարատ» բաժնի տարեց հայ բնակիչները։
Այցելութեան ընթացքին, Հայր Սուրբն ու Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչները առիթը օգտագործեցին տարեցներուն հետ զրուցելու, անոնց հոգեւոր մխիթարութիւն փոխանցելու եւ աղօթելու անոնց առողջութեան, խաղաղութեան եւ բարօրութեան համար։

