ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Հինգշաբթի 4 Յունիս 2026-ին, Գլխաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչն ու Հոգեւոր Հովիւը, այցելեցին Գանատայի Անկլիքան եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Շէյն Արք. Փարքըրին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը եւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիար Գիրգոր Շիթիլեան։

Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Շէյն Արքեպիսկոպոսը՝ առաջնորդ ընտրուելու իր առաջին տարեդարձին առթիւ եւ ընդգծեց երկու եկեղեցիներու միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան կապերը շարունակելու եւ զօրացնելու կարեւորութիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հայաթափման եւ այնտեղ գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիներու, վանքերու եւ հոգեւոր ժառանգութեան դիմագրաւած վտանգին։

Իր կարգին, Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ իրեն միացող պատուիրակութեան ջերմ այցելութեան համար եւ հաստատեց երկու եկեղեցիներուն միջեւ եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Այցելութիւնը աւարտեցաւ նուէրներու եւ բարեմաղթանքներու փոխանակմամբ՝ վերահաստատելով երկու եկեղեցիներու յանձնառութիւնը շարունակելու ամրապնդել յարաբերութիւնները եւ համագործակցական աշխատանքը՝ հանուն հաւատքի, խաղաղութեան եւ ընդհանուր բարիքին։