ԱՔԱՂԱՂԸ
Աքաղաղն կանգնած առաւօտուն
Լոյսը շողշողուն իր երեսին
Տեսաւ տղաք լուռ պառկած
Գետափի խաղաղ եզրին
Ան կանչ տուաւ՝ մեծ ձայնով
Զիլազդու, ահեղածին
Քիչը տղոց զարթնեցան
Շատը նիրհած մնացին։

Ու խրատը տուաւ այսպէս,
Զարթնած տղոց օրինակէն
Վրդովանք չկար երբէք
Ճիշտը կ’ըսէր իր սրտէն
«Աշխատանքի պատրաստը
Շուտ կը զարթնի մէկ կանչէն
Ծոյլը՝ քուն կը փնտռէ միշտ
Որ խուսափի իր գործէն.
Հոգ չէ որքան զինք կանչեն
Խրատեն, ահազանգեն
Ծոյլը քուն կը փնտռէ մշտօրէն
Յարատեւօրէն։»
Բարեշնորհ Կարօ Սրկ. Սարգիսեան
30 Մայիս 2026