Այս տարին առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ կը նշենք Հայոց քրիստոնէութեան պետականօրէն ընդունման 1725-ամեակը։ Աւելի քան տասնեօթ դարեր առաջ, Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աննկուն հաւատքով, հայ ժողովուրդը խաւարէն անցաւ դէպի լոյս, սուտէն՝ դէպի ճշմարտութիւն, եւ մահուան ճանապարհներէն՝ դէպի յաւիտենական կեանքի ուղին։
Այս օրերուն մեր Եկեղեցին տօնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապ տօնը, իսկ անոր յաջորդող օրը՝ Սուրբ Էջմիածնի, այսինքն՝ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնը։ Այս երկու տօները անբաժանելիօրէն կապուած են իրարու։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը միայն մէկ անձ չէր, այլ ամբողջ ժողովուրդ մը վերածնող հոգեւոր առաջնորդ մը։ Ան մերժեց սուտն ու կուռքերը, ընդունեց ճշմարիտ Աստուծոյ Խօսքը եւ անոր համար կրեց չարչարանքներ, հալածանքներ ու տասնամեակներու բանտարկութիւն Խոր Վիրապի մութ խորքերուն մէջ։ Սակայն նոյն այդ մութ վիրապէն դուրս եկաւ որպէս լուսաբեր արեգակ՝ լուսաւորելու ամբողջ ազգ մը։
Լուսաւորչին ելքը Խոր Վիրապէն եղաւ ամբողջ հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերածնունդին սկիզբը։ Իր քարոզութեամբ եւ սրբակեաց կեանքով ան առաջնորդեց մեր հայրերը դէպի Քրիստոսի լոյսը եւ հիմը դրաւ այն եկեղեցւոյ, որ դարեր շարունակ պիտի դառնար հայ ժողովուրդի հաւատքի, ինքնութեան եւ գոյատեւման ամուր վահանը։
Դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցին շարունակեց ապրիլ նոյն զոհողութեան ոգիով։ Ան ծնունդ տուաւ սուրբերու, վարդապետներու, մատենագիրներու եւ նահատակներու, որոնք իրենց հաւատքով պահպանեցին մեր ժողովուրդը օտար տիրապետութիւններու, հալածանքներու եւ արհաւիրքներու մէջ։ Հայ Եկեղեցին դարձաւ մեր ազգային ինքնութեան ամրոցը, մեր հոգեւոր տունը եւ մեր Փրկութեան Տապանը՝ պատմութեան փոթորկալից ալիքներուն դիմաց։
1725-ամեակի այս խորհրդաւոր տարուան մէջ մենք կոչուած ենք ոչ միայն յիշելու անցեալը, այլ նաեւ վերանորոգելու մեր հաւատքը։
Այսօր, երբ աշխարհը բազմաթիւ փորձութիւններու դիմաց կը գտնուի, մեզի կը մնայ հաւատարիմ մնալ մեր Լուսաւորչի կտակին, սիրել մեր Սուրբ Եկեղեցին, ապրիլ մեր հաւատքը եւ մեր կեանքով վկայել Քրիստոսի ճշմարտութիւնը։
1725 տարիներ անց, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ջահը տակաւին կը լուսաւորէ մեր ճանապարհը։
Եկէ՛ք սիրենք մեր Սուրբ Եկեղեցին, ամուր պահենք մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ, Լուսաւորչի օրինակով, քալենք դէպի այն լոյսը, որ երբեք չի մարիր։
Եկէ՛ք սիրենք մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ իրմով սրբուինք՝ Քրիստոնէութեան Պետական ընդունման 1725-ամեակին առիթով։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի