Church News

ՄԻ ՑԱՆԿԱՐ ՈՒՐԻՇԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾԻՆ

Ասիկա վերջին պատուիրանն է որ Արարիչ Տէրը ուզեց տալ Իր ստեղծած մարդուն եւ տասնաբանեայ պատուիրաններուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ «մի ցանկար» բառը միակ … Read more

ԱՐԱՄ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ «IN SEARCH OF SELF-UNDERSTANDING» ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՑՈՒՄ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հսկումի արարողութեան նախագահեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Յաւարտ արարողութեան, մեկնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ … Read more

Հ.Յ.Դ. 135-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ. … Read more

ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2026-ի կէսօրին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հիւրընկալեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստամեանին, ընկերակցութեամբ Գանատայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Թորոնթոյի «Սողոմոն … Read more

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ.- «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ԲՈԼՈՐԻՍ ՀԱՄԱՐ»

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ թեհրանաբնակ Յովսէփ Աւետեանի հետ։ Վերջինը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ … Read more

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ

Վերջին օրերուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմը փաստօրէն ներառեց ամբողջ Միջին Արեւելքը: Պատերազմը շրջանէն ներս յառաջացուց մահեր, քանդում, … Read more

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի 2 Մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ՝ Պարոն Արմէն Ռուստամեանը։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչին կ՚ընկերակցէին՝ … Read more

 ՏՆՏԵՍԻ  ԿԻՐԱԿԻ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 16.1-31          Մեծ Պահոց չորրորդ կիրակին կը կոչուի «Տնտեսի» Կիրակի: Քրիստոսի պատմած գեղեցկագոյն առակներէն է: Այս առակը դժուարիմաստ է խորքին մէջ, եթէ նիւթական … Read more

ՄԻՋԻՆՔ

Միջինքը Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ, պարզապէս որպէս յիշեցում, թէ Մեծ Պահքը հասած է իր կէսին 24րդ օրուան, առաջին կէսին աւարտը եւ երկրորդ կէսին սկիզբը: … Read more