Church News

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայ եկեղեցին եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայկական ինքնութիւնը ամրացնող իրարու աղերսուած գոյակցութիւններ են։ Այս գծով, հայ եկեղեցին, զանազան առիթներով, իր Սուրբ Խորանէն խունկի քուլայի հետ առ … Read more

«Միջազգային համայնքը պէտք չէ լուռ մնայ արցախահայութեան արդար դատին հանդէպ, այլ պատասխանատուութեան հրաւիրէ Ազրպէյճանը եւ պաշտպան կանգնի Արցախին՝ արդարութեան վերահաստատման հրամայականէն մղուած»

ԸՆԴԳԾԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԵՌՆԻ ԱՐՑԱԽԻ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2025-ին, Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ, բացումը կատարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին … Read more

«ԱՐՑԱԽԻ ԴԷՄ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ 21-22 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած «Արցախի դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւն»ը թեմայով գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոն՝ իբրեւ «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի … Read more

ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿԱՅԱՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՔԻՐԻԱՔՈՍ ՄԻԹՍՈԹԱՔԻՍԻ ՄԻՋԵՒ

Հինգշաբթի, 29 Մայիս 2025-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնք։ Ժամանումէն անմիջապէս ետք, առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Քիրիաքոս … Read more

ԵՐԿՐՈՐԴ  ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Յովհաննէս Առաքեալի Նամակէն.(Ա.Յհ.5.13-21) Աստուած մեր խնդրանքները կը լսէ. Ասիկայ գրեցի ձեզի, Աստուծոյ Որդիին հաւատացողներուդ, որպէսզի գիտակցիք՝ թէ յաւիտենական կեանք ունիք: Ուստի համարձակ կերպով կը դիմենք … Read more

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ  ԱՒԵՏԱՐԱՆ 12.12-23:

Յաջորդ օրը, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, որ Զատիկի տօնին առիթով  Երուսաղէմ եկած էր, երբ լսեց թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, արմաւենիի ճիւղեր առաւ եւ Յիսուսը … Read more

ԵՐԿՐՈՐԴ  ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Ս. Յարութեան տօնին  եօթներորդ Կիրակին ծանօթ է Երկրորդ  Ծաղկազարդ անունով: Այդպէս կոչուած է երկու պատճառներով. ա- Հայ  Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն Յինանց օրերուն կը … Read more

Քրիստոս Մեր Կեանքը Փոխող Ուժը

Աստուածաշունչին մէջ կան էջեր, որոնք մարդու մտքին համար դժուար է ըմբռնել։ Օրինակ՝ ինչպէ՞ս Յովնան կարողացաւ երեք օր ձուկի փորին մէջ մնալ. Կամ՝ ինչպէ՞ս Նոյ կենդանիներէն, … Read more

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅԹ

Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2025-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Սարկաւագաց եւ «Ազնաւորեան» Դպրաց Դասի անդամները հիւրընկալուեցան «ԼԱՐԱԶ» ճաշարանին մէջ, Տէր եւ Տիկին Տիգրան եւ Անի Թորոսեաններու, … Read more

ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ 15-ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 17 Մայիս 2025, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գահիրէի Պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Ն.Ս. … Read more