ՄԻ ՑԱՆԿԱՐ ՈՒՐԻՇԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾԻՆ

Ասիկա վերջին պատուիրանն է որ Արարիչ Տէրը ուզեց տալ Իր ստեղծած մարդուն եւ տասնաբանեայ պատուիրաններուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ «մի ցանկար» բառը միակ բառն է, որ երկու անգամ կը կրկնուի պատուիրանին մէջ՝ թէ՛ Ելից գիրքին մէջ (Ել 20.17), թէ՛ Երկրորդ Օրէնքին մէջ, եւ երկար ցանկով մը կ’արձանագրէ այն բաները, որոնք արգիլուած են․ «քու մերձաւորիդ տունը», «կինը», «ծառան», «եզը», «էշը» եւ «այն ամէնը, որ անոր է»։ Այդ կրկնութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան լուրջ կը նկատուէր այս մեղքը Հին Կտակարանի օրէնսդրութեան մէջ։

Թէեւ Հայերէնին մէջ «ցանկալ», իսկ Անգլերէն լեզուին մէջ «to covet» բառը սովորաբար ուրիշին ունեցածը փափաքիլ կը նշանակեն, եբրայերէն բառին արմատը ներքին զգացումի մը չի նկարագրեր։ Աստուածաշունչի տարբեր հատուածներուն մէջ «բաղձալը» զուգորդուած է գործնական քայլի հետ՝ «առնել», «գրաւել», «յափշտակել»։ Այսինքն՝ ցանկալը գործնական մեղք մըն է։  

Անոր համար աւետարանին մէջ՝ Լերան քարոզի ատեն, Յիսուս Քրիստոս կը խստացնէ պատուիրանը՝ ըսելով, «ով որ ցանկութեան նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սրտին մէջ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ անոր հետ» (Մտ 5.28)

Ուրեմն, թէեւ հրէական մտածելակերպով ուրիշին ունեցածին ցանկալը, կը վերաբերի այն ընթացքին, որով մարդը ուրիշին ունեցածը կը վերածէ իր սեփական իրաւունքին, Քրիստոնէական մտածելակերպով ներքին զգացում մըն է, որուն համար Քրիստոս կոչ կ’ընէ ուղղելու ներքին զգացումը եւ վերահսկելու անոր վրայ, որովհետեւ մտքէն ու սրտէն կը ծնի անիրաւ ձեռքբերումներու գաղափարը։  

Ցանկութեան մասին մտածելակերպ մը զարգացած կը գտնենք Սուրբ Օգոստինոսի «Խոստովանութիւնը» եւ «Աստուծոյ Քաղաք» երկու գիրքերուն մէջ, ուր ան կը բացատրէ, թէ մեղքին արմատը սխալ ցանկութեան մէջ կը կայանայ։ Բայց ան կ’ըսէ, որ մենք ստեղծուած ենք սիրելու Աստուած եւ անոր մէջ մեր ցանկութիւններուն պապակը գտնելու։ Բայց երբ սիրտը կը շեղի եւ ստեղծուած բաները Աստուծմէ աւելի սիրէ, այդ ցանկութիւնը կը շեղի իր ճշմարիտ նպատակէն։ Օգոստինոսի համար ուրեմն ցանկութեան խնդիրը միայն ուրիշին ունեցածը ուզելը չէ, այեւ սրտին այն վիճակը, ուր մարդը կ’ուզէ ցանկալ Աստուծմէ զատ ամէն բան։

Անոր համար այդ ցանկութիւնը խանգարում մը կը նկատէ մարդուն մէջ , բայց միեւնոյն ժամանակ, ան կը վստահեցնէ, թէ Աստուծոյ շնորհքը կրնայ բժշկել սիրտը եւ վերադասաւորել ցանկութիւնը, որպէսզի մարդը զԻնք ցանկայ ամէն բանի մէջ։

Ուրեմն, «մի՛ ցանկար» պատուիրանը հոգեւոր հրաւէր մըն է որ կը կանչէ մարդը մաքրելու իր սիրտը, սորվելու ճիշդ սիրել եւ վստահելու՝ թէ Աստուած իւրաքանչիւրին կը պարգեւէ այն, ինչ որ իսկապէս բաւարար է իր փրկութեան եւ կեանքի համար։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան