Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի Յիշատակութեան Օր

Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւններուն հնչող բոլոր շարականները նուիրուած էին եկեղեցւոյ ամենանշանաւոր ու շնորհալի հայրերէն Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանին:

«Ոսկեբերան» տիտղոսին արժանացուցած են զինք, իր սքանչելի ու պերճախօս քարոզներուն համար: Հայրապետին տրուած էր յատուկ աստուածտեսութեան շնորհք: Հայրապետը, սակայն, բազմիցս հալածուած է իր շինիչ քննադատական արտայայտութիւններուն պատճառաւ:

Ծնունդով յոյն Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ իր հիմնական գործունէութիւնը ծաւալած է  Կոստանդնոպոլսոյ մէջ: Ան ծնած է 347 թուականին՝ Անտիոք: Ուսումը  ստացած տեղւոյն աստուածաբանական դպրոցէն ներս, ճարտասանութեան մեջ հմտացած Լիբանիոսի դպրոցը: Երիտասարդ տարիքին, ինքզինք կը նուիրէ ճգնաւորական կեանքի: 381 թուականին Մելետիոս Անտիոքացիին կողմէ ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 386 թուականին Փլաբիանոսի ձեռամբ՝ քահանայ: 398 թուականին ընտրուած է Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ

«Դուք նախ խնդրեցէք  որ  Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Մտ 6.33):

Լաւապէս պէտք է գիտնալ, թէ կը գտնուին մարդիկ, որոնք չեն փնտռեր Աստուծոյ արքայութիւնը եւ արդարութիւնը, այլ կը փախին անկէ: Ոմանք կը փնտռեն, բայց չեն գտներ, իսկ անոնք որոնք կը գտնեն, կը պահեն զայն իրենց ամբողջ կարելիութիւններովն ու կարողութիւններովը:

Գրիգոր Տաթեւացի Եռամեծար Վարդապետ մարդկային ընկերութիւնը կը բաժնէ չորս դասակարգերու:

ա-Աստուծոյ արքայութիւնը չեն փնտռեր այլ կը փախչին անկէ: Այս դասակարգի մարդիկ, իրենց կեանքի ընթացքին միշտ չարիք կը գործեն: Այսպիսիներուն մասին Յովհան Ոսկեբերան հայրապետ կ’ըսէ. «Չար մարդիկ կը կարծեն, թէ յաւիտեան պիտի ապրին, որպէսզի չդադրին չարիք գործելէ, միշտ կը ցանկան արթուն մնալ, որպէսզի պատճառ դառնան մարդոց մեղանչումին: Ուստի անոնք, որոնք այս աշխարհի մէջ չեն դադրիր միջամտելէ մարդոց կեանքին, կը դատապարտուին Աստուծոյ դատաստանին, ու յաւիտենական տանջանքներու»:

բ-Երկրորդ խումբի պատկանողներն են անոնք, որոնք կը փնտռեն Աստուծոյ Արքայութիւնը, բայց չեն գտներ զայն: Այսպիսիներ, սնափառներ ու մարդահաճներ են, որոնք կը հպարտանան փառասիրութեամբ, բարիք կը գործեն, սակայն փառամոլութեան պատճառով կը կորսնցնեն իրենց վարձատրութիւնը: Այսպիսիներ մարմնով կ’ապրին, բայց հոգիով մեռած են, կը տառապին եւ հանգիստ չեն գտներ, կը տանջուին ու արդարութեան պսակին չեն արժանանար, որովհետեւ իրենց վարձքը մարդոցմէ ստացած են: Այս դասին կը պատկանին փարիսեցիները, որոնք կ’ըսեն. «Աստուած իմ շնորհակալ եմ քեզմէ՛ որ ուրիշ մարդոց նման յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ…» (Ղկ 18.11):

գ-Երրորդ խումբի մարդիկ կը փնտռեն եւ կը գտնեն Աստուծոյ Արքայութիւնը, սակայն չեն կրնար պահել զայն: Այսպիսիներ կարճ ժամանակ կը հաւատան, բայց փորձութեան պահուն կ’ընկրկին եւ անցաւոր կեանքի պատճառով կը զրկուին մնայունէն ու յաւիտենականէն, կարճ ժամանակ կը վայելեն երկրի վրայ, սակայն Արքայութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն պատճառաւ կը դատապարտուին յաւիտենական տանջանքի, որովհետեւ կ’ուրանան զԱստուած եւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը, որպէս Փրկիչ, լոյսը կը մերժեն եւ կը նախընտրեն խաւարը: Այսպիսիներուն համար մեր Տէրը Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ ես զինք պիտի ուրանամ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 10.33):

դ-Չորրորդ դասակարգը անոնք են, որոնք կը փնտռեն Աստուծոյ Արքայութիւնը, կը գտնեն զայն եւ կը պահեն մինչեւ վերջ: Այս դասակարգի հաւատացեալները այնպիսի սիրով կը միաւորուին Աստուծոյ հետ, որ ոչինչ կը համարեն եւ կ’անտեսեն աշխարհի բոլոր վայելքները, եւ ըստ առաքեալին ոչ մէկ բան կարող է զիրենք բաժնել Քրիստոսի սէրէն, ո՛չ նեղութիւնները, ո՛չ հալածանքները եւ ոչ ալ որեւէ բան: Ասոնք մշտապէս կը վերանորոգուին բարի գործերով եւ կը ձգտին դէպի կատարելութիւն: Առաքեալը այսպիսիներուն կ’ըսէ. «Եղբայրնե՛ր, ինքզինքս դեռ կատարելութեան հասած չեմ համարեր. Բայց կ’աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ, եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը» (Փլպ 3.13): Աւետարանը նաեւ նման օրինակով մը կը հաստատէ. «Ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ նայի, յարմար չէ Աստուծոյ թագաւորութեան» (Ղկ 9.62): Պէտք է փնտռել հաւատքով, յոյսով եւ կատարեալ սիրով, այն ատեն կը գտնենք Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ կը պահենք զայն մինչեւ վերջ:

Արդ, պէտք է փնտռել Աստուծոյ Արքայութիւնը ոչ այնպէս ինչպէս որ Ղովտի կինը փնտռեց, որ ետ նայեցաւ, աղէ արձանի վերածուեցաւ եւ ինքզինք կործանեց: Նոյնպէս եւ մենք, եթէ Աստուծոյ Արքայութիւնը փնտռելէ եւ զայն գտնելէ ետք ետ նայինք դէպի աշխարհ՝ կը կործանինք: Պէտք է զայն փնտռել հարաւի թագուհիին նման, որ աշխարհի ծայրէն եկաւ լսելու Սողոմոն Իմաստունին խօսքերը:

Երկնքի Արքայութիւնը փնտռենք այն իմաստուն կոյսերուն նման, որոնք վառուած լապտերներով ընդառաջ գացին Փեսային եւ անոր հետ մտան հարսանիք, իսկ յիմար կոյսեր մարած լապտերներով չկարողացան մտնել հարսանիք, որոնց համար մեր Տէրը ըսաւ. «Իսկապէս չեմ ճանչնար ձեզ» (Մտ 25.12):

Ուրեմն, փնտռենք Աստուծոյ Արքայութիւնը ո՛չ թէ ունայն եւ անցաւոր կեանքի մէջ, այլ յաւիտենական եւ մնայուն արժէքներու մէջ:

Գրաբարէ Թարգմանեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան