«Չկայ ծածուկ բան մը որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան մը՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ: Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ինչպէ՛ս կ’ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նույնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի»:
Յիսուսի մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց խուռն բազմութեան պատճառով չկրցան իրեն մօտենալ: Լուր տուին իրեն, ըսելով. «Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ’ուզեն քեզ տեսնել»: Յիսուս ըսաւ. «Մայրս ու եղբայրներս անոնք են որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն»:
Ղուկաս աւետարանիչ Սերմնացանի առակը պատմելէ ետք, մեզի կը փոխանցէ Քրիստոսի խորհրդաւոր մէկ խօսքը. «Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ» (Ղկ8.17):
Առաջին ակնարկով պիտի կարծուի, թէ հակասութիւն կայ Յիսուսի խօսքերուն եւ իրականութեան միջեւ, որովհետեւ բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ մարդկային կեանքէն ներս անվերջանալի ծածուկ երեւոյթներ կան: Աշխարհի վրայ հսկայական նուաճումներ կը կատարուին եւ ի յայտ կու գան ճշմարտութիւններ, որոնք ծածկուած էին, բայց այժմ՝ հանրութեան սեփականութիւնն է:
Օրինակ, քսաներորդ դարը յատկանշուած է, որպէս գիտութեան եւ լուսաւորութեան դար: Աթոմական ուժերու գիւտը, անջրպետային մարզէն ներս տիեզերանաւերը, որոնք թռիչք ունեցան դէպի երկնային ոլորտներ, նորանոր ծածուկ յայտնութիւններ արձանագրեցին ապշեցնելով մարդկութիւնը: Այս բոլոր ճշմարտութիւնները իրականութիւններ են, թէեւ ծածկուած էին մարդոցմէ, բայց ի վերջոյ յայտնուեցան: Թաքունը պիտի յայտնուի եւ գաղտնիքը պիտի գիտցուի, որպէս ճշմարտութիւն, որմէ կարելի չէ խուսափիլ:

21-րդ դարուն զարմանալի յայտնագործութիւնները յառաջ եկան, որոնք փոխեցին մարդկային կեանքը: Մարդը բանական ու ստեղծագործող արարած է, քաղաքակրթութեան զարգացման ամբողջ պատմութեան ընթացքին կը շարունակէ կատարելագործել ու նորանոր նուաճումներու բերել գիտութեան, իսկ այժմ նաեւ՝ ճարտարարուեստի բնագաւառէն ներս։ 21-րդ դարու 26 տարիներու ընթացքին իրար կը յաջորդեն նոր յայտնագործութիւններ ու բացայայտումներ, որոնք հիմնովին փոխեցին կեանքի որակը, բարձրացնելով մարդը նոր աստիճանի։
Երբեմն ներքին ծալքերուն եւ գաղտնիքներու նկատմամբ, Տէրը մեզի կը բացայայտէ մարդոց տկարութիւնն ու անգաղտնապահութիւնը: Մարդկային մեր բնազդով երբեմն գաղտնիքներ, որոշ գործեր եւ սովորութիւններ կ’ունենանք եւ զանոնք կը փորձենք ծածկել մեր նմաններէն, գիտնալով հանդերձ անոնց հետեւանքները: Իմաստութիւնը կ’ըսէ, իր կեանքին մէջ գաղտնիք ունեցող մարդը միշտ տխուր կ’ըլլայ, իսկ երջանիկ է ան, որ գաղտնիք չունի: Երբեմն մարդիկ կը համարձակին նույնիսկ գիտակցելու, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ է միշտ եւ կը ներգործէ մեր խիղճի ձայնին ընդմէջէն: Այս երեւոյթին դիմաց մարդ էակը միշտ պէտք է գիտակցի, որ օր մը իր թաքուն գործերը անպայման երեւան պիտի ելլեն: Մեր Տէրը կ’ըսէ. գաղտնի գործերը խաւարի մէջ կը գործուին, ուրեմն միշտ լոյսի մէջ գործենք, որպէսզի կարենանք մեր կեանքն ու գործերը վայելել: Մեր Տէրը մեզի կ’ուսուցանէ թէ, լոյսն ու գործը պէտք է անբաժանելի մասերը ըլլան մարդկային կեանքին, այս իմաստով Քրիստոս կ’ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ ան պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ’առաջնորդէ» (Յհ 8.12):
Աստուծոյ կամքը գաղտնի մնացած էր մարդոցմէ մինչեւ Քրիստոսի գալուստը: Կը կարծուէր, որ եբրայեցիներն էին միայն Աստուծոյ ընտրեալները, որոնց պիտի շնորհուի Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Սակայն մեր Փրկչին գալուստով ի յայտ եկաւ, թէ այլ «փոքր ածուներ» եւս կան, որոնք պիտի արժանանան Աստուծոյ սիրոյն եւ երկնքի արքայութեան: Եսայի մարգարէ Քրիստոսէ առաջ նոյն այս մտածումը տարբեր եղանակով կը ներկայացնէ մեզի, երբ կ’ըսէ. «Իրապէս դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես, ո՞վ Իսրայելի Փրկիչ Աստուածը» (Ես 45.15): Յիրաւի, Հին Կտակարանի մէջ այդպէս էր Աստուած, միշտ ինքզինք ծածկող էր, որովհետեւ մարդկութեան իմացականութիւնը, բանականութիւնը եւ իմաստութիւնը, պատրաստ չէին Աստուծոյ յայտնութիւնները ընկալելու: Եսայի մարգարէն շատ լաւ գիտէր, որ ֆիզիքական աչքերով չէ, որ ի յայտ կու գայ աստուածային յայտնութիւնները, այլ հաւատքի աչքերով եւ աղօթքով է, որ Աստուած կը յայտնուի, մեր կեանքին մէջ: Ան մեզի ցոյց կու տայ շատ մը բաներ, որ մենք չենք տեսներ: Եթէ մեր հաւատքի աչքերը բաց ըլլան, այն ատեն մենք ամէն ինչ կը տեսնեք յայտնապէս: Աւետարանական այս հատուածը մեզի կը յիշեցնէ Կայէնի եւ Աբէլի պատմութիւնը, երբ Աստուած Կայէնին կը հարցնէ. «Ո՞ւր է եղբայրդ» (Ծն 4-9): Կայէն կը կարծէր թէ խաւարի մէջ գործած իր արարքը ծածուկ պիտի մնար, սակայն ոչ այդպէս չեղաւ, պատմութիւնը յստակ է, գիտենք թէ Աստուծոյ աչքը ինչպէս հալածեց Կայէնին: Աբէլի մահուան հեղինակը Կայէնն էր, ներկայ մարդկային կեանքէն ներս Կայէններ շատ են, որոնց պէտք է հարցնել նոյն հարցումը, որ Աստուած հարցուց Կայէնին:
Աստուծոյ խօսքը մեզի կ’ըսէ, օր պիտի գայ, որ այս աշխարհի վրայ գաղտնիք պիտի չմնայ, ամէն բան պիտի բացայայտուի: Հետեւաբար՝ Քրիստոնեային աւագ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ, իրականացնել եւ կատարել Աստուծոյ կամքը ու ծրագիրները: Աստուծոյ նկատմամբ հաւատք ունենալը կարելի չէ, գիտական կամ թուաբանական հաշիւներով ձեռք բերել, այլ՝ մաքուր եւ անկեղծ հոգիով, բարի գործերով եւ վեհ զգացումներով: Ուրեմն հետեւինք Քրիստոսի օրինակին, ինչպէս որ ինք գործադրեց երկնաւոր Հօր կամքը, նոյնիսկ մեծ խորհուրդի Խաչին վրայ զոհագործուած պահուն, ըսաւ. «Հայր, Քու կամքդ թող ըլլայ» (Մտ 26.42):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան