(ՏՕՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ, ՀՆՈՑ ԵՒ ՆՈՐՈՑ, ՅԱՅՏԻՑ ԵՒ ԱՆՅԱՅՏԻՑ)

Սուրբ կը նշանակէ արդար եւ աստուածահաճոյ: Սուրբերը այն անձերն են, որոնք սուրբ հռչակուած են Եկեղեցւոյ կողմէ: Եկեղեցին սուրբ կ’անուանէ առաքինի, ազնիւ քրիստոնէական հաւատքին իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մեծ ծառայութիւններ մատուցած անձերը:

Սուրբ ըլլալ կը նշանակէ մաքրակրօն ըլլալ, յատկացուած եւ բաժնուած ըլլալ աշխարհային ապրելակերպէն եւ մտածելակերպէն:

Սրբութիւն կը նշանակէ անձնուրացութիւն, նուիրում եւ Քրիստոսով փոխակերպուած կեանք մը ապրիլ:

Սրբութիւնը ընթացք մըն է, որ կը սկսի այս երկրէն եւ կը շարունակուի մինչեւ յաւիտենականութիւն:

Հայ Եկեղեցին ամէն տարի կ’ոգեկոչէ սուրբերու անմար յիշատակը: Մեր Եկեղեցւոյ մէջ կան տօնելի եւ յիշատակելի սուրբեր: Տօնելի սուրբերը անոնք են, որոնք ժամերգութեան եւ պատարագի միջոցին կը յիշատակուին, իսկ յիշատակելիներուն կեանքի եւ մահուան պատմութիւնը կը կարդացուի միայն առօրեայ (Յայսմաւուրք)ի միջոցով: Կան անշուշտ սուրբեր, որոնք անծանօթ են մեզի, այդ պատճառով հաստատուած է «Ամենայն Սրբոց, Հնոց եւ Նորոց, Յայտից եւ Անյայտից» տօնը, որ կ’ընդգրկէ  Քրիստոնէական Ընդհանրական Եկեղեցւոյ համար սուրբեր:

Այս առթիւ սուրբգրային պատգամը կ’ըսէ. «Պատուական է Տիրոջ աչքին իր սուրբերուն նահատակութիւնը»: Այս տօնը իր մէջ կը պարփակէ յիշատակը այն սուրբերուն, որոնց մահուան թուականը անյայտ են մեզի եւ որոնք մարտիրոսաց տօներու եւ պահքի յատկացուած օրեր չունին: Սուրբերու նահատակութեան կամ մահուան յիշատակէն անկախ կը տօնախմբուին նաեւ անոնց կեանքին կամ յիշատակին կապուած որեւէ իրողութիւն, որ քրիստոնէութեան համար ունի իր յատուկ կարեւորութիւնը:

Մեր Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ, նաե՛ւ կը յիշատակուին օտար սուրբեր, որոնց մասին մեզի տեղեկութիւններ փոխանցուած են այն ժամանակաշրջանէն, երբ տակաւին ընդհանրական եկեղեցին չէր բաժնուած, այսինքն մինչեւ հինգերորդ դար: Այս մէկը կ’ապացուցէ, թէ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին իր ջերմ քրիստոնէական եւ եղբայրական սիրոյ հոգիով կը  շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Սակայն արեւմտեան  ցամաքամասերու վրայ, հայկական եւ քրիստոնէական գեղեցիկ սովորութիւններ այլափոխուած են Հելոուինով, հեթանոսական ու սատանայապաշտական սովորութիւններ առաւել արժեւորուած եւ մտած են հայ տուներէն եւ կեանքէն ներս: Հայկական եւ քրիստոնէական խորհրդանիշներ փոխուած են սնամէջ դդումով՝ եւ երեխաները փոխանակ հրեշտակներու նմանցնելու, զանոնք կը զգեստաւորեն վհուկներու եւ ոճրագործ մարդակերներու հագուստներով:

Հեթանոսական ու աղանդաւորական արմատներ ունեցող տօն մըն է Հելոուինը: Եկեղեցին կը շեշտէ, որ Հելոուինի ծագումը հին հեթանոսական տօն է, որ կապուած է մեռելներու, չար ոգիներու եւ խաւարային ուժերու յիշատակութեան հետ:

Հոգեւոր վտանգներ ունեցող այս տօնին առիթով, մահուան, սարսափի, դիւային կերպարներու խորհրդանիշներու օգտագործումը կը հակասեն քրիստոնէական արժէքներուն եւ կ’աղաւաղեն մարդու (յատկապէս երեխաներու) հոգեւոր ապրումներն ու կեանքը: Հայ եկեղեցական կառոյցներն ու համայնքները Հելոուինին կը հակադրեն ազգային-եկեղեցական աւանդական տօներով օրինակ՝ Բարեկենդանը կամ Ամենայն Սրբոց տօնը։

Շատ ցաւալի է, որ ոմանք մեր ակունքներէն, մեր ազգային-եկեղեցական սովորութիւններէն հեռացած են ու կը նախընտրեն օտար ու այլանդակ սովորոյթներ: Եկեղեցին դէմ է հայկական մշակոյթէն ներս ներխուժող այլասեռած  սովորութիւններուն: Մենք աւելի լաւ եւ իմաստալից տօն ունինք՝ «Բուն Բարեկենդանը», որ դարձեալ դիմակներով կը նշուի, ի տարբերութիւն Հելոուինի, ուր բարութեան գովասանքն ու սէրը,  ուրախութիւնը, բարի կեանքը կը խորհրդանշուի, իսկ չարութիւնը ու սարսափը ամէն օր առանց բացառութեան արդեն շրջապատած են մեզ, ի՞նչ կարիքը կայ զայն տօնի վերածելու: Սիրելի՝ ժողովուրդ հայոց, այսօր մենք 21-րդ դարուն մէջ ենք, չբաւարարուինք հպարտանալ մեր փառաւոր անցեալով եւ իյնալ օտարամոլութեան ճահիճին մէջ, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի կորուստ, այլ տէր կանգնինք մեր արժէքներուն, տոգորուինք հայկական եւ քրիստոնէական առաքինի շնորհներով:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան