ԽՈՐՀՐԴԱՏԵՏՐ ԿԱՄ ՊԱՏԱՐԱԳԱՄԱՏՈՅՑ

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ծիսակատարութեանց մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Ս. Պատարագի խորհուրդը։ Եօթը խորհուրդներու հանճառահրաշ խորհուրդը անուանակոչուած է ան, որ կը ներկայացնէ Վերջին Ընթրիքի յիշատակը։ Խորհուրդ մըն, ուր Քրիստոս իր մարմինն ու արիւնը տուաւ որպէս գրաւական փրկագործութեան մեծ խորհուրդին։

Ուրեմն, Ս. Պատարագով մենք կը յիշենք մեղսաքաւիչ մեծ Խորհուրդը եւ կը հաղորդուինք պատարագուող մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հետ։

Այս նուիրական արարողութիւնը պատարագիչ քահանային թիւ թէ ձայնաւոր բոլոր աղօթքներով՝ ամփոփուած է բարակ հատորի մը մէջ, որ կը կոչուի Խորհրդատետր կամ Պատարագամատոյց։

Առաջին խորագիրը կը բնորոշէ գիրքին նկարագիրը, որպէս խորհուրդի կատարման տետր։

Իսկ երկրորդ խորագիրը՝ ըստ էութեան կը մատնանշէ Ս. Պատարագի մատուցման գիրք ըլլալու հանգամանքը։ Երկու անուանակոչումներն ալ ընդհանրացած են մեր եկեղեցւոյ մէջ եւ կը ներկայացնեն գիրքին նկարագիրն ու ինքնութիւնը։

Խորհրդատետրը զետեղուած կ’ըլլայ փոքր գրակալի մը վրայ Ս. Սեղանի ձախ եզրին, ուրկէ պատարագիչ եկեղեցականը կը կատարէ իր աղօթքները։