1.Կա՞ն ուրիշ մեղքեր, որոնք կը գործուին իններորդ Պատուիրանին դէմ։
Այո՛. ինչպէս սուտ խօսիլը, յանդուգն կամ անիրաւ դատաստաններ ընելը, շողոքորթութիւնը եւ դաւաճանութիւնը։
2.Ի՞նչ է սուտ խօսիլը։
Սուտ խօսիլ կը նշանակէ՝ սուտը իբրեւ ճշմարտութիւն եւ ճշմարտութիւնը իբրեւ սուտ ներկայացնել։
3.Ի՞նչ չարիքներ կը պատճառէ սուտ խօսիլը։
- Սուտ խօսիլը կը խորտակէ ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ամբողջ վստահութիւնը։
- Ստախօսը հետզհետէ կը վերածուի զրպարտիչի, բամբասողի, խռովութիւն յարուցանողի եւ սուտ վկայութիւն տուողի։
- Ստախօսը ընկերութեան մէջ կը կորսնցնէ իր վարկը, եւ եթէ ճշմարտութիւնը խօսի ալ, իրեն չեն հաւատար։
4.Ի՞նչ առաքինութիւն կը հակադրուի ստախօսութեան մոլութեան։
Ճշմարտախօսութիւնն ու անկեղծութիւնը։ «Ուստի սուտը մէկդի դնելով՝ իւրաքանչիւրդ իր ընկերոջ հետ ճշմարտութիւնը թող խօսի, որովհետեւ իրարու անդամներ ենք» (Եփեսացիս Դ. 25)։
5. Ի՞նչ է անխոհեմ դատաստանը։
Անխոհեմ կամ անիրաւ դատաստան ընել կը նշանակէ՝
- Մեր ընկերը մեղադրել կամ անոր մէջ յանցանք գտնել եւ արտաքին երեւոյթներու վրայ հիմնուելով՝ անոր մասին սխալ դատումներ ընել։
- Ուրիշները դատապարտել՝ առանց նախապէս քննելու, թէ անոնց մասին մեր լսածը կամ կարդացածը ճի՞շդ է արդեօք։

6.Ինչո՞ւ անխոհեմ դատաստան ընելը մեղք է։
Որովհետեւ արտաքին երեւոյթները շատ յաճախ կը խաբեն մեզ։ Պէտք չէ հաւատանք մեր ընկերներուն դէմ ըսուած ամէն բանի, քանի որ անոնց մասին տարածուած լուրերը ընդհանրապէս ամբողջովին ճշգրիտ չեն եւ կրնան նոյնիսկ անհիմն, խեղաթիւրուած ու չափազանցուած ըլլալ։
7.Ի՞նչ պատուիրեց Քրիստոս այս մասին։
«Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք. որովհետեւ ինչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք, եւ ինչ չափով որ չափէք, անով պիտի չափուի ձեզի։ Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ շիւղը կը տեսնես, բայց քու աչքիդ մէջ գերանը չես նկատեր» (Մատթէոս Է. 1-3)։
8.Ուրիշ ի՞նչ տեսակ սուտերով կրնանք վնասել մեր ընկերոջ։
Շողոքորթութեամբ, որ կը կատարուի՝
- Վախկոտութենէ մղուած՝ անձ մը գովելով այնպիսի առաքինութեան կամ տաղանդի մը համար, որ ան չունի։
- Չարամտութենէ մղուած՝ այս կամ այն անձին մոլութիւնն ու անմտութիւնը արդարացնելով։
9.Ի՞նչ վնաս կը պատճառէ շողոքորթութիւնը։
Շողոքորթութիւնը ստոր հոգիի մը գործն է։ Ան նախ կը սնուցանէ մարդոց հպարտութիւնը, ապա բարի երեւոյթներու քօղին տակ ծածկելով անոնց թերութիւններն ու սխալները՝ կը խոչընդոտէ անոնց սրբագրուիլը։
10.Ի՞նչ է շողոքորթութեան շարժառիթը։
Արհամարհելի անձնասիրութիւնը, որ մարդը կը ստորնացնէ՝ զինք մղելով իր համոզումին հակառակ սուտ խօսելու, չարը բարի ներկայացնելու եւ այսպիսով բոլորին վնասակար դառնալու։
11.Ինչո՞ւ մենք այնքան յաճախ կը զանցենք իններորդ Պատուիրանը։
Մենք շատ յաճախ կը մեղանչենք իններորդ Պատուիրանին դէմ, որովհետեւ չենք զսպեր մեր լեզուն եւ կը կարծենք, թէ ուրիշներու պատիւն արատաւորելը եւ զրպարտելը կրնան մեզի հաճոյք ու շահ ապահովել։ Ասիկա մեծ անմտութիւն է։ Ուստի պէտք է աղօթենք Աստուծոյ, որպէսզի մեզի շնորհէ Իր շնորհքն ու զօրութիւնը՝ մեր լեզուն սանձելու եւ զսպելու համար։
12.Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք՝ իններորդ Պատուիրանը լաւագոյնս պահելու համար։
Միշտ պէտք է յիշենք մեր տկարութիւնը եւ գիտնանք, թէ պէտք չէ դատենք մեր ընկերը, անոր մասին գէշ խօսինք կամ մեր ժամանակը պարապ անցընենք, որովհետեւ այս բոլորը առիթ կու տան զրպարտութեան, բամբասանքի եւ գայթակղութեան։
Փոխարէնը՝ պէտք է զբաղինք մեր սեփական պարտականութիւններով եւ մեր ընկերներուն դատաստանը ձգենք Աստուծոյ (Հռովմայեցիս ԺԴ. 4)։

13.Ի՞նչ պէտք է ընէ քրիստոնեան՝ իր հաւատակիցներուն եւ հայրենակիցներուն անունն ու պատիւը պահպանելու համար։
Իբրեւ քրիստոնեաներ՝ պէտք է միշտ օգնենք ու պաշտպանենք ո՛չ միայն մեր հաւատակից եղբայրը, այլեւ անոր անունն ու պատիւը պաշտպանելու համար ցուցաբերենք նոյն նախանձախնդրութիւնը, զոր կը ցուցաբերենք մեր սեփական անունին ու պատիւին հանդէպ։ Այս պարտականութեան մէջ պէտք է յատկապէս բծախնդիր ըլլանք օտարներու եւ այլ կրօններու պատկանող անձերու ներկայութեան։
14.Ինչո՞ւ։
Որպէսզի հեթանոսներուն եւ օտարներուն առջեւ չվնասենք ո՛չ քրիստոնէութեան, ո՛չ մեր ազգին անունը եւ ո՛չ ալ Սուրբ Աւետարանին պատիւը։
Այլ կրօններու պատկանող մարդոց եւ օտարներու առջեւ չարամտութեամբ գէշ խօսիլ մեր հաւատակից ու հայրենակից եղբօր մասին եւ մատնել զայն՝ մեծ չարութիւն է։
15.Դաւաճանութիւնը ի՞նչ տեսակ մեղք է։
Դաւաճանութիւնը խիստ ստորացած հոգիի մը գործն է, որ մեզ կը մղէ անձնական շահու, ատելութեան կամ վրէժխնդրութեան համար բացայայտելու մեր ընկերոջ անձնական կեանքը կամ որեւէ գաղտնիք՝ ըլլայ անիկա անհատական կամ մեր ազգին վերաբերող։ Ասիկա ամօթալի վախկոտութիւն է։
16.Ի՞նչ հետեւանք կ՚ունենայ դաւաճանութիւնը։
Դաւաճանը պիտի արհամարհուի, անարգուի եւ դատապարտուի բոլոր ուղղամիտ ու իմաստուն մարդոց կողմէ, նոյնիսկ այն անձին կողմէ, որուն ներկայութեան գործած է դաւաճանութիւնը։
17.Ինչպէ՞ս կը պիտակաւորուի դաւաճանը։
Դաւաճանը կը կոչուի Յուդա եւ Վասակ։ Որովհետեւ, Յուդային նման, ան նենգամիտ ու անձնասէր է, իսկ իր ստորին փառասիրութեան եւ վրէժխնդրութեան համար, Վասակին նման, կը զոհէ իր ազգը եւ հայրենիքը։
18.Ի՞նչ է դաւաճանին վախճանը։
Դաւաճանին վախճանը Յուդային նման կործանումն է, իսկ Վասակին նման՝ նզովուած ու անարգ մահով մը հեռանալը այս աշխարհէն եւ պատմութեան մէջ յաւիտեան ձգելը սարսափելի ու նողկալի յիշատակ մը։
19.Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ մեր թշնամիները զրպարտեն, մեր պատիւը արատաւորեն, մեզի դաւաճանեն կամ մեր անունը վատաբանեն։
- Չարին չարով չպէտք է պատասխանենք, այլ բարիով յաղթենք չարին (Ա. Պետրոս Դ. 9, Հռովմայեցիս ԺԲ. 17-21)։
- Պէտք է շարունակենք բոլորովին անմեղ մնալ այն թերութիւններէն ու սխալներէն, որոնց մէջ ուրիշներ մեզ կը մեղադրեն։
- Երբ մարդիկ մեզ անիրաւ դատաստանով կը դատապարտեն, պէտք է մեր սրտերը բարձրացնենք դէպի այն ահաւոր Դատաստանը, ուր իւրաքանչիւր մարդ իր գործերուն համեմատ պիտի ստանայ իր վարձատրութիւնը։