Թորոնթոյի Հայ Առաքելական Եկեղեցին ինծի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ հոն աճած եմ, յիշատակներ ունեցած եմ եւ բարեկամութիւններ հաստատած եմ։ Եկեղեցին միշտ մաս կազմած է կեանքիս: Ինծի համար ան աղօթելու վայր մը չէ միայն։ Հոն, ես կապուած կը զգամ հայկական մշակոյթիս, հաւատքիս եւ համայնքիս։ Եկեղեցւոյ մէջ մեծնալը ինծի սորվեցուցած է ուրիշներուն օգնել եւ մարդոց յարգանք ցուցաբերել: Աւելին, ան մեր աւանդութիւնները վառ պահելու կարեւորութիւնը սորվեցուցած է։
Եկեղեցւոյ մէջ ամենէն շատ գնահատած բաներէս մէկը այն բարեկամութիւններն են, որ հոն հաստատած եմ։ Տարիներու ընթացքին շատ մարդիկ ճանչցած եմ, որոնք ինծի համար կարեւոր դարձած են։ Մենք միասին ժամանակ կ՚անցընենք, կը խնդանք, կը սորվինք եւ յիշատակներ կը ստեղծենք, որ միշտ արթուն կը մնայ մէջս։ Եկեղեցին ինծի տուած է համայնք մը, ուր կը զգամ, թէ հոն իմ տեղս ունիմ, շրջապատուած ըլլալով մարդոցմով, որոնք ինծի պէս նոյն մշակոյթը, աւանդութիւններն ու հաւատալիքները ունին։

Ես նաեւ կը մասնակցիմ դպրաց դասին եւ Կիրակնօրեայ դպրոցին, որոնք ինծի օգնած են աւելի ներգրաւուելու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ աւելի շատ բան սորվելու հաւատքիս մասին։ Այս գործունէութիւններուն մաս կազմելը կ՚օգնէ ինծի հասկնալու մեր աւանդութիւնները պահելու կարեւորութիւնը եւ այն դերը, որ եկեղեցին ունի մեր կեանքին մէջ։ Ես սորված եմ, որ եկեղեցւոյ համայնքին մաս կազմելը միայն պատարագներուն ներկայ ըլլալ չէ, այլ նաեւ մասնակցիլ, սորվիլ եւ մեր համայնքին օգտակար դառնալ։
Եկեղեցւոյ՝ ինծի համար ունեցած նշանակութեան կարեւոր մէկ մասն ալ այն է, որ կը փորձեմ միշտ օգնել երբ կրնամ, զանազան բնագաւառներէ ներս եւ զանազան գործունէութիւններու մասնակցութեամբ: կը փորձեմ տալ իմ լաւագոյնս եւ ամբողջական մասնակցութիւնս։ Նոյնիսկ փոքր բաները կրնան տարբերութիւն մը ընել, եւ կը հաւատամ, որ օգտակար ըլլալով ցույց կու տանք, թէ որքան կը սիրենք եկեղեցին եւ ժողովուրդը։ Ասիկա նաեւ կը սորվեցնէ ինծի պատասխանատուութիւն եւ կը յիշեցնէ, որ համայնք մը աւելի զօրաւոր կը դառնայ, երբ բոլորը միասին կ՚աշխատին։
Վերջապէս, Թորոնթոյի Հայ Առաքելական Եկեղեցին ինծի համար յատուկ վայր մըն է, որովհետեւ որքան կը յիշեմ, անիկա միշտ մաս կազմած է կեանքիս։ Եկեղեցին օգնած է ինծի դառնալու այն անձը, որ այսօր եմ, զիս կապուած պահելով իմ հայկական արմատներուս, զօրացնելով հաւատքս եւ շրջապատելով ինծի համար կարեւոր մարդոցմով։ Ես շնորհակալ եմ այն յիշատակներուն համար, որ ստեղծած եմ, այն բարեկամութիւններուն համար, որ հաստատած եմ, եւ այն առիթներուն համար, որ ունեցած եմ ուրիշներուն օգնելու։
Ան, ինծի համար, միայն շէնք մը չէ, այլ երկրորդ տուն մը:
Բալիկ Սարգիսեան