Հայ ժողովուրդի հաւատքի հայրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ՝ իր կեանքի վերջին օրերը, հայրապետական աթոռը իր զաւկին յանձնելէ ետք, կամաւորապէս կը թողու քաղաքը եւ կը հեռանայ ճգնաւորական եւ աղօթքի կեանքի կը նուիրուի, Սեպուհ լերան վրայ գտնուող Մանիայ քարայրին մէջ: Անշուք եւ խաղաղ պայմաններու մէջ Ս. Գրիգոր կը վախճանի 326ին: Ոչ ոք կ’իմանայ անոր մահը: Ժամանակ մը ետք Սեպուհ լերան վրայ դեգերող հովիւներ, կը գտնեն սուրբին անշնչացած մարմինը, կարծելով որ ծերունի ճգնաւոր մըն է, զայն կը թաղեն աննշան տեղ մը:
Շրջան մը ետք իր մտերիմ աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ անունով, կը սկսի լերան վրայի ճգնարանները փնտռել, գտնելու համար սուրբին աճիւնները: Երկար դեգերելէ ետք, ի վերջոյ հովիւներէն կ’իմանայ Սուրբին թաղուած վայրը: Եւ կը յայտնաբերէ սուրբին աճիւնները, յատուկ արարողութեամբ ամփոփել կու տայ Թորդան գաւառի մէջ:
Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին տարին երեք անգամ կը տօնախմբէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին յիշատակը՝ «Մուտն ի վիրապ»ի «Ելն ի վիրապ»ի եւ «Գիւտ նշխարաց»ի առիթներով: Իսկ Սուրբին նշխարներով պատրաստուած Ս. Աջը մինչ օրս կը պահուի Ս. Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններու յատուկ խնամքին ներքեւ: Ս. Աջով է որ մեր հայրապետները կ’օրհնեն Ս. Միւռոնը:
Բարեխօսութեան Աղօթք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին

Ո՜վ լուսատու հայր, քաջ հովիւ եւ ճշմարտութեան վկայ, միշտ ներկայ եղի՛ր մեր մէջ, ջերմացո՛ւր մեր սառած սրտերը աստուածպաշտութեան եռանդով եւ լուսազարդ պայծառութեամբ գեղեցկացուր սուրբ եկեղեցին, ուրկէ կ’առնենք մեր հոգեւոր սնունդը, կը սորվինք անոր ուղղափառ վարդապետութիւնը: Քու բարեխօսութիւնդ կը խնդրենք, որպէսզի միշտ յիշես մեզ Աստուծոյ Միածինին առջեւ ու օգնես մեզի սրբութեամբ եւ արդարութեամբ ապրելու մեր կեանքի օրերը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան