ԲԱՐԵՊԱՇՏԱԿԱՆ  ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Ինչո՞ւ կարեւոր է հոգեհանգիստը։

«Հոգեհանգիստ» բառացի կը նշանկէ աղօթք «Հոգիին հանգստութեան», որ յատուկ կարգ է ու կը կատարուի ննջեցեալի հոգիի խաղաղութեան համար։

Հայ Եկեղեցին հանգուցեալներու յիշատակումը կը կատարէ ո՛չ միայն հինգ Տաղաւար տօներու յաջորդող օրը՝ «Մեռելոց» օրը, այլ նաեւ՝ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութեամբ՝ Կիրակի կամ այլ օրերուն։

Քրիստոնէական Եկեղեցին կը հաւատայ ողջերու եւ ննջեցեալներու միասնութեան, ահա այդ պատճառով  է՝ որ Ս. Պատարագի ընթացքին ողջերն ու ննջեցեալները միասին ներկայ կ’ըլլան Յիսուս Քրիստոսի սուրբ զոհագործման ու ընծայման խորհուրդին։ Ննջեցեալները կը կազմեն Քրիստոսի «Յաղթական Եկեղեցի»ն, որոնք իրենց պայքարը տարած են այս կեանքին մէջ՝ յաղթելով անօրէն չարին «սատանայ»ին, իսկ ողջերը կը կազմեն «Քրիստոսի Զինուորագրեալ Եկեղեցի»ն, որոնք այս կեանքին մէջ Սուրբ Հոգիին զէնքերը հագած, սպառազինուած՝ պայքար կը տանին չարին դէմ։

Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն, ննջեցեալները մահէն յետոյ կը սպասեն Վերջին Դատաստանին։ Ուստի, ամբողջ Եկեղեցին, հոգեհանգիստի ժամանակ, աղօթք կը բարձրացնէ այս կեանքէն առ յաւէտ բաժնուած ննջեցեալներու հոգիներուն համար, ամենակալ Աստուծմէ գութ ու սէր հայցելով իրենց ննջեցեալներուն համար, որպէսզի մարդասէրն Աստուած ո՛չ թէ օրէնքով դատէ զանոնք, որովհետեւ այլապէս ոչ ոք պիտի կարենայ արդարանալ Անոր դիմաց, այլ՝ իր մեծ ողորմութեամբն ու գթութեամբը, հաւատալով՝ որ «Աստուծոյ ողորմութիւնը պիտի յաղթանակէ դատաստանի ատեն» (Յակոբոս 2.13)։

Հին ժամանակ այս սովորութիւնը կը կոչուէր «Այգալացն», այսինքն՝ առաւօտեան լաց, եւ կապուած էր Աւետարանին մէջ պատմուած Իւղաբեր Կիներու այն արարքին հետ, որոնք այգաբացին՝ արեւածագին, գերեզման եկան՝ Քրիստոսի մարմինը օծելու (Մարկոս 16.1-2)։ Այսօր ընդհանրացած սովորութիւն է հոգեհանգիստ կատարել թաղումին յաջորդ օրը, եօթնօրէքին, քառասունքին եւ տարելիցներուն։

Ժզ. Շարունակելի