ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ
«Բայց անօրէններն ու մեղաւորները միասնաբար պիտի խորտակուին. Անոնք որ տէրը մերժեցին՝ միասնաբար պիտի ջնջուին»: (Ես 1.28)
Աստուած Եսայի մարգարէին բերնով կը սպառնայ անօրէն ու մեղաւոր եբրայեցի ժողովուրդին, որ լքելով Ստեղծիչը հեռացած էր ուղիղ ճանապարհէն, անհաւատարիմ մնալով այն յաւիտենական ուխտին, զոր Աստուած կնքած էր իր հայրերուն հետ:
Մարգարէն բացայայտօրէն կը սահմանէ երկու մարդկային դատապարտելի իրավիճակներ, որոնց վախճանը մահ է եւ դատապարտութիւն:
Անօրէն ու մեղաւոր մարդկութեան խորտակում.
Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ մարդը իր ծնունդէն հակամէտ է մեղքին, որուն համար Դաւիթ մարգարէն Աստուծոյ ցասումը կը պարզէ՝ ըսելով. «Աստուած արդար դատաւոր է, եւ ամէն օր կ’արտայայտէ իր զայրոյթը անարդարներուն դէմ» (Սղ 7.11), բայց միաժամանակ կը յայտնէ Իր բարութիւնը եւ կ’ուսուցանէ ու կ’առաջնորդէ մարդը, որպէսզի փրկութեան արժանանայ. «Տէրը բարի է եւ ուղիղ, այդ պատճառով ալ՝ իր ճամբուն մէջ կը դաստիարակէ մեղաւորները» (Սղ 25.8): Բայց անոնք որոնք կը խոտորին ու կը հեռանան Իր պատուիրաններէն ու մեղսալից կեանք մը կ’ապրին՝ զանոնք կը դատապարտէ ըսելով. «Սակայն Տէրը հակառակ է չարագործներուն, որոնց յիշատակն իսկ պիտի ջնջէ այս աշխարհէն» (Սղ 34.16):
Աստուծմէ հեռացողներուն ու լքողներուն վախճանն ու բնաջնջումը.

Աստուած մշտապէս Իր ներկայութիւնն ու բարիքները կը բաշխէ այն ժողովուրդներուն, որոնք կը յիշեն զԻնք ու կը գործադրեն Իր պատուիրանները, սակայն այն ազգերը, որոնք մեղքի եւ զեխութեան մէջ կ’ապրին ու կը լքեն զԱստուած, պատուհասի կ’արժանանան, ինչպէս՝ Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները, «որոնք Տէրը իր բարկութիւնովը ու սրտմտութիւնովը բնաջինջ ըրաւ» (Բ. Օր 29.23): Եբրայեցի ժողովուրդը եւս անապատային քառասուն տարիներու թեքերումներու ընթացքին, ոսկի հորթ պաշտելով՝ մոռցաւ իր արարիչը, իսկ Մովսէս մարգարէ ի տես այս երեւոյթին, միջնորդութիւն կատարելով՝ Աստուծոյ աղաչեց. «Ով Տէր ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ վրայ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով ու զօրաւոր ձեռքով» (Ել 32.11): Նոյն խստապարանոց ժողովուրդին անօրէնութեան ու մեղքին պատճառով Եղիա մարգարէ իր մահը խնդրեց Աստուծմէ՝ ըսելով. «Քանզի եբրայեցի ժողովուրդի որդիները քու ուխտդ թողուցին» (Գ.Թգ 19.10):
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատի կեանքը, իր ծնունդէն մինչեւ մահ, ճանապարհորդութիւն մըն է՝ կանգնած խաչմերուկի մը առջեւ, որուն ընտրութիւնը ինք անձամբ կը կատարէ: այսպիսով, խոհեմութեամբ ընտրութեան կարելիութիւնը վերապահուած է մեզի. «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւի, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբայ է» (Առ 14.12):
Կեանքի դժուար հոլովոյթին մէջ անօրէնութենէ ու մեղքէ հեռանալը Քրիստոսի խօսքին համաձայն մեր պարտականութիւնն է. «Դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48): Նայինք մեր հաւատքի Առաջնորդին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ «իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէսզի մեզ ազատէ բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ 2.14):
Հետեւաբար, միշտ ջանադիր ըլլանք Պատուիրաններու գործադրութեան, որպէսզի ժառանգենք Երկնքի Արքայութիւնն ու փառաւորենք երկնաւոր Հայրը Իր փառքով ու զօրութեամբ:
ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 12.38-45
Հրաշքի մը խնդրանքը.
Այն ատեն Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին Յիսուսի.
-Վարդապե՛տ, կ’ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
-Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ’ուզէք. բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի: Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ: Դատաստանի օրը Նինուէացիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար: Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոն իմաստունի ուսուցումները լսելու համար: Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս:
Չար ոգիին վերադարձը.
-Երբ չար ոգին դուրս կ’ելլէ մարդու մը մէջէն, կ’երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար: Եւ երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ’ըսէ. «Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»: Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ պարապ, մաքուր եւ յարդարուած: Ապա կ’երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ’ըլլայ: Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին:
Մարդկային կեանքի ամենավաղ շրջաններէն սկսեալ, մարդիկ նշաններու եւ հրաշքներու միջոցաւ է որ հաւատքի եկած եւ Աստուծոյ հաւատացած են:

Սրբազան Պօղոս առաքեալ, իր նամակներուն ճամբով յստակօրէն կը բացատրէ նշաններուն եւ հրաշքներուն նպատակը, որ կը միտի հեթանոսները հաւատքի առաջնորդել, իսկ հաւատացեալներուն արդէն տրուած է մարգարէութիւնները քննելու եւ անոնց իրականացումը սպասելու շնորհքը:
Եբրայեցի ժողովուրդի մեծագոյն յանցանքն էր, որ հակառակ մեր Տիրոջ նշաններուն եւ հրաշքներուն ականատես եղած ըլլալնուն, երբեք չհաւատացին եւ չթափանցեցին եղածներուն խորքը, որովհետեւ շնորհքէն աւելի Օրէնքին ու անոր տառացի գործադրութեան առաջնահերթութիւն տուին:
Այսօրուայ աւետարանական հատուածին մէջ կը տեսնենք կրկին թէ ինչպէս Փարիսեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, կ’ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք» (Մտ12.38), Յիսուս յիշեցուց անոնց Հին Կտակարանէն մեծագոյն նշանը եւ հրաշքը, որ Յովնան մարգարէինն էր, թէ ինչպէս երեք օր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, ինչ որ «Մարդու Որդի»ին երեքօրեայ թաղումը եւ յարութիւնը կը խոհրդանշէր: Հրաշքին մէջ Յովնան մարգարէն կը ներկայանար որպէս Քրիստոսի նախատիպը:
Յովնան մարգարէին պատահածը, հաւատացեալին կը բացատրէ թէ՝ Յովնան մեղաւոր կեանքին համար, երեք օր կէտ ձուկին փորին մէջ ապաշխարեց, զղջաց, ապա արդարացած նոր յարուցեալ կեանքի դարձաւ:
Նինուէցիները նշան չխնդրեցին, այլ՝ Յովնանի քարոզութեամբը ապաշխարեցին: Նոյնպէս Հարաւի թագուհին, Սողոմոնէն որեւէ նշան չտեսաւ, բայց անոր իմաստութեան հաւատաց, եւ ահա Յովնանէն եւ Սողոմոնէն աւելի մեծ էր Յիսուս, սակայն կեղծաւոր մարդիկ նշան կ’ուզեն, որ հաւատան: Յիսուս կ’ըսէ անոնց. «Նինուէացիներն ու Հարաւի թագուհին դատաստանի օրը պիտի դատապարտեն ձեզ» (Մտ 12. 41-42), որովհետեւ Յիսուսի բոլոր հրաշքներուն, նշաններուն եւ քարոզութիւններուն ներկայ էին եւ տակաւին նշան կ’ուզէին տեսնել հաւատալու համար: Եբրայեցիք կը կարծէին, թէ Օրէնքով իրենք չարէն փրկուած են, բայց կը սխալէին, որովհետեւ իրենց փրկութիւնը հաւատքով եւ Ս. Հոգիի գործով չէր պտղաբերուած, այդպիսիներուն վերջը աւելի գէշ պիտի ըլլայ կ’ըսէ Յիսուս, որովհետեւ չարը եօթն անգամ աւելի զօրաւոր միջոցներով պիտի յարձակի եւ տապալէ զիրենք: (Մտ 12.45)
Քրիստոս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին շատ հրաշքներ գործեց, ոչ թէ փառաւորուելու երկրի վրայ, այլ Աստուծոյ փառքը հաստատելու երկրի վրայ, ապա գթալով տառապող մարդկութեան, նախ բժշկեց անոնց հոգիները, ապա ֆիզիքական ցաւերը:
Հետեւաբար, Քրիստոսն է Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած մեծագոյն եւ ճշմարիտ հրաշքը: Փարիսեցիներուն ու դպիրներուն նման մենք եւս չհամարձակինք ըսելու. «Նշան մը կ’ուզենք տեսնել» հաւատալու համար, այլ սաղմոսերգուին նման ըսենք. «Ճաշակեցէ՛ք, եւ տեսէք՝ թէ ի՜նչքան քաղցր է Տէրը. երանի՜ անոր՝ որ Տիրոջ կ’ապաւինի» (Սղ 34.8):
Արդ, այս աշխարհի մէջ ապրինք համապատասխան այն ճշմարտութեան եւ ընթանանք այն ճանապարհէն, որ Քրիստոս Իր կեանքի օրինակով բացաւ մեր դիմաց, ուստի անվախ քալենք այն հաստատ համոզումով, որ պիտի հասնինք Աստուծոյ փառքին եւ երանաւէտ թագաւորութեան:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան