Մարկոս աւետարանիչ կը պատմէ Երիքով քաղաքին մէջ, ճամբու մը եզերքին նստած կոյր մուրացիկի մը բժշկութեան մասին՝ Բարտիմէոս անունով (Մարկոս 10)։ Այս պատմութիւնը միայն հրաշք մը չի պատմեր, այլ կը պարունակէ խոր հոգեւոր պատկեր մը․ կը ներկայացնէ Քրիստոսով նոր կեանքի ընթացքը։
Մարկոս աւետարանիչ Բարտիմէոսը կը ներկայացնէ որպէս «ճամբուն եզերքը նստած» մուրացկան մը։ Այս բառերը ինծի մտածել տուին, թէ ինչո՞ւ աւետարանիչը այս մանրամասնութիւնը կու տայ։ Կարեւո՞ր է գիտնալ՝ ուր նստած էր Բարտիմէոսը։ Այդ մասին մտածելէ եւ պրպտելէ ետք, հիմա համոզուած եմ, որ այդ անկարեւոր թուացող մանրամասնութիւնը իրականութեան մէջ դէպքին ամենակարեւոր տեղեկութիւնն է։
Եթէ ուշադրութեամբ նայինք պատմութեան, պիտի տեսնենք, որ այդ կոյրին բժշկութիւնը կը սկսի երբ ինք «ճամբուն եզերքը» նստած էր, եւ կ’աւարտի երբ «ճամբուն ընթացքին Յիսուսի կը հետեւէր»։
Եւ այս է ամենակարեւոր մանրամասնութիւնը, որ աւետարանիչը կ’ուզէ փոխանցել մեզի։ Ան որ կեանքի մէջ կը տեսնէ, որ Յիսուս խոստացուած Փրկիչն է, եւ չի թողուր որ կեանքի պայմանները կամ շրջապատող մարդիկ զինք լռեցնեն, անիկա ճամբու վրայ կը գտնէ ինքզինք՝ Յիսուսի հետեւելով։

Այդ կոյրը լսեց, թէ Յիսուս հոնկէ կ’անցնէր։ Ան բարձրաձայն զԻնք կանչեց, եւ հակառակ զինք լռեցնելու փորձերուն՝ աւելի բարձր կանչեց Տէրը՝ ըսելով․ «Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՛ ինծի»։ Այդ կոյրը տեսաւ այն՝ ինչ ուրիշները չէին տեսներ։ Իսկ Յիսուս իր կեանքի ամբողջ ընթացքը փոխեց եւ զինք դրաւ Աստուծոյ թագաւորութեան ճամբուն մէջ։
Բարտիմէոս իր վերարկուն ձգեց եւ ոտքի ցատկեց Յիսուսի մօտ։ Այդ վերարկուն իր միակ ապահովութիւնն էր իր հին կեանքին մէջ։ Բայց Յիսուսով ան այլեւս նոր կեանք մը ունեցաւ, որուն մէջ ոչինչ պէտք էր, որովհետեւ ինք ճամբուն ընթացքին էր՝ Յիսուսի հետեւելով։ Հին մարդը մնաց ետին, որովհետեւ Քրիստոսի հետ նոր հանդիպումը այլեւս հին կեանքին տեղ չէր թողուր։
Մարկոս աւետարանիչին համար, այդ Ճամբան աշխարհագրութիւն չէ, Քրիստոսով մեզի շնորհուած նոր կեանքի ճանապարհին, որ մինչեւ Յարութիւն կը հասցնէ։ Ան, որ առաջ ճամբուն քով նստած էր, հիմա ճամբուն վրայ է՝ Քրիստոսի հետեւելով։ Այս էր իսկական բժշկութիւնը։
Մարկոս աւետարանիչ այս պատմութեամբ կը բացայայտէ, թէ Քրիստոսը տեսնել կը նշանակէ ճանչնալ Իր ճամբան՝ խաչի ճամբան։ Եւ եկեղեցիին համար վստահ եմ որ Բարտիմէոսը կը դառնայ պատկերը այն մարդուն, որ կը ստանայ շնորհքը, կը բացուի ճշմարտութեան, եւ կը սկսի հետեւիլ Տիրոջ՝ մինչեւ վերջ։
Այս պատմութիւնը կը կանչէ մեզ հաւատալու Քրիստոսի, որուն հետ հանդիպումը մեր կեանքի ընթացքը կը փոխէ։ Ան որ կը մնայ նստած, կը նշանակէ թէ դեռ չէ հանդիպած Յիսուսին՝ որ կը կանչէ զինք դուրս գալու իր տեղէն եւ հետեւելու Իրեն։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան