Տարուէ տարի աշխարհը աւելի արագ կ’ընթանայ, իսկ մեր կեանքը՝ աւելի կը խճողուի։ Զարմանալի է, որ հակառակ արհեստագիտութեան յառաջընթացին եւ ժամանակ խնայելու համար ստեղծուած բազմաթիւ միջոցներուն, տակաւին ժամանակի պակասէն կը տառապինք։ Նկատի առէք, օրինակ, սուրճի մեքենաները, զորս կրնանք նախապէս ծրագրել, որպէսզի մեր սուրճը պատրաստ ըլլայ տակաւին անկողինէն դուրս չեկած, կամ արագընթաց գնացքները, որոնք կը կրճատեն մեր ճամբորդութեան ժամանակը։
Այս բոլորը օգտակար են, եւ բնականաբար երախտապարտ ենք, որ ունինք զանոնք։ Չէ՞ որ անոնց շնորհիւ մեր գործերը աւելի կարճ ժամանակի մէջ կը կատարենք եւ մեր ամենաթանկ բարիքներէն մէկը՝ ժամանակը կը խնայենք։ Բայց հակառակ այս բոլորին՝ տակաւին ժամանակ չունինք։ Թերեւս պատճառը այն է, որ մեր խնայած ժամանակը անմիջապէս կը լեցնենք նոր գործերով ու պարտաւորութիւններով։ Աւելի արագ կ’աշխատինք, որպէսզի աւելի՛ն ընենք, եւ հանգիստը միշտ կը յետաձգենք։
Այս մտածումներուն մէջ Յիսուսի մէկ խօսքը յատուկ ջերմութեամբ կը հնչէ. «Եկէ՛ք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը հանգչինք» (Մր 6.31)։
Քրիստոս այս խօսքը իր առաքեալներուն ուղղեց, երբ անոնք իրենց առաքելութենէն վերադարձան եւ պատմեցին այն բոլորը, որ ըրած ու սորվեցուցած էին։ Մարկոս կը նշէ, որ եկող-գացողները այնքան շատ էին, որ անոնք նոյնիսկ ուտելու ժամանակ չունէին։ Այդ զբաղուածութեան մէջ Յիսուս տեսաւ անոնց կարիքը եւ զանոնք հրաւիրեց առանձնանալու ու քիչ մը հանգստանալու։
Որքա՜ն մխիթարական է մտածել, որ Յիսուս միայն մեր կատարած գործերով չի հետաքրքրուիր։ Ան նաեւ կը տեսնէ մեր յոգնութիւնը, կը ճանչնայ մեր սահմանները եւ հոգ կը տանի մեզի։ Իրեն համար մենք միայն առաքելութիւն կատարող մարդիկ չենք, այլ՝ սիրելի անձեր, որոնք խնամքի եւ հանգիստի կարիք ունին։
Բայց ի՞նչ հանգիստի մասին կը խօսինք։

Մարմնական հանգիստը անհրաժեշտ է։ Քունը, սնունդը եւ աշխատանքէն դադարը մեր կեանքին անբաժան կարիքներն են։ Յիսուսի հրաւէրը այդ կարիքներուն ալ կ’անդրադառնայ։ Սակայն մարդը միայն մարմնով չի յոգնիր։ Կան պահեր, երբ բաւարար քնացած ենք, բայց մեր ներսը տակաւին անհանգիստ է։ Մտահոգութիւնները մեզ չեն ձգեր, պարտաւորութիւնները կը ծանրանան մեր վրայ, եւ կը զգանք, թէ մեր ներքին ուժերը կը սպառին։
Մարմնական եւ հոգեւոր հանգիստը իրարու հակադիր չեն. անոնք իրար կ’ամբողջացնեն։ Քրիստոս ամբողջ մարդուն հոգ կը տանի՝ մարմնին եւ հոգիին։
Հոգեւոր հանգիստը պարզապէս գործ չընելը չէ։ Ան Աստուծոյ ներկայութեան մէջ հանդարտիլն է, մեր մտահոգութիւնները Անոր յանձնելը եւ Անոր հանդէպ մեր վստահութիւնը նորոգելը։ Ան այն պահն է, երբ կը դադրինք ամէն բանի պատասխանատուն ըլլալու ծանրութիւնը առանձին կրելու փորձէն եւ կը յիշենք, որ մեր կեանքը միայն մեր ուժերով չենք պահեր։
Իսկ ի՞նչ կը պատահի, երբ այդ հանգիստը կ’անտեսենք։ Կրնանք աստիճանաբար կորսնցնել մեր խաղաղութիւնը, համբերութիւնը եւ ուրախութիւնը։ Նոյնիսկ բարի գործերը կրնան ծանր պարտականութիւններու վերածուիլ։ Կը շարունակենք տալ ուրիշներուն՝ առանց անդրադառնալու, որ մենք ալ սնուելու կարիք ունինք։ Կը մոռնանք Աստուծոյ ապաւինիլ եւ կը սկսինք այնպէս ապրիլ, կարծես ամէն բան մեզմէ կախեալ է։
Ահա թէ ինչո՛ւ Յիսուսի հրաւէրը այսօր ալ մեզի ուղղուած է։ Ան մեզ հանգիստի կը կանչէ ոչ միայն այն ատեն, երբ այլեւս ուժ չունինք շարունակելու, այլ նաեւ մեր գործերուն ու յաջողութիւններուն ընթացքին։ Պէտք չունինք սպասելու, որ ամբողջովին սպառինք՝ ընդունելու համար, թէ հանգիստի կարիք ունինք։
«Շաբաթ օրը սուրբ պահէ» պատուիրանն ալ մեզ կը հրաւիրէ մեր աշխատանքին սահման դնելու եւ Աստուծոյ տեղ տալու մեր կեանքին մէջ։ Արարչագործութեան պատմութեան մէջ Աստուծոյ հանգիստը օրինակ կը դառնայ մարդուն համար՝ յիշեցնելով, որ կեանքը միայն անդադար աշխատանք չէ։ Յիսուս ինքն ալ, հակառակ իր շուրջը հաւաքուող բազմութիւններուն եւ անոնց կարիքներուն, ժամանակ կը յատկացնէր աղօթքի։ Մարկոս կը պատմէ, որ Ան առաւօտ կանուխ, տակաւին լոյսը չբացուած, ամայի տեղ մը գնաց եւ հոն կ’աղօթէր (Մր 1.35)։
Իսկ մենք մեր օրուան մէջ այդպիսի պահ մը ունի՞նք։
Թերեւս այսօր կրնանք սկսիլ քանի մը վայրկեանով։ Հեռաձայնը մէկ կողմ դնենք, մեր գործերէն պահ մը դադրինք եւ լռութեան մէջ կանգ առնենք Աստուծոյ առջեւ։ Աւետարանէն քանի մը տող կարդանք, անկեղծ աղօթք մը բարձրացնենք, կամ պարզապէս Անոր յանձնենք այն մտահոգութիւնը, որ մեր սիրտը կը ծանրացնէ։
Միշտ աւարտելիք գործ մը եւ կատարելիք պարտաւորութիւն մը պիտի ունենանք։ Բայց անոնց մէջ չմոռնանք լսել նաեւ Քրիստոսի մեղմ հրաւէրը. «Եկէ՛ք… քիչ մը հանգչինք»։ Այդ հրաւէրը ընդունելով՝ կրնանք մեր առօրեային վերադառնալ նորոգուած սիրտով, աւելի խաղաղ հոգիով եւ սիրելու ու ծառայելու նոր ուժով։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան