ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԱՂԹԵՑ ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻՆ

Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին ուղղած յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց՝ ողջունելէ ետք անոր ունեցած յաջող վիրահատումը։

Հայրապետը յայտնեց նաեւ, որ աղօթող է Աստուծոյ, որպէսզի կատարեալ առողջութիւն պարգեւէ Պապին եւ վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակէ իր հովուապետական առաքելութիւնը։