Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌԵՑԻՆ ՄԵՐ ԵՐԷՑՆԵՐԸ

Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2026-ի յետմիջօրէին, մեր եկեղեցւոյ կամաւորները այցելեցին մեր երէցներուն՝ Fieldstone Commons Care-ի ԱՐԱՐԱՏ բաժինը, ուր գեղարուեստական յայտագրով մեր երէցներուն խանդավառեց երգիչ Մհեր Մինասեանը, իսկ պարերով մթնոլորտը խանդավառեցին մեր կամաւորները: Աւանդական դարձած այս այցելութիւնները մեր երէցներուն համար վերածուած են պահանջքի եւ օրհնութեան:

Վարձքը կատար բոլորին: